Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Միշէլ-Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում Տեղի Պիտի Չունենայ

Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Միշէլ-Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում Տեղի Պիտի Չունենայ

by MassisPost

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն՝ մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ Պրիւքսէլի մէջ ծրագրուած հանդիպումը պիտի չկայանայ, յայտնեց Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Եւրոպացի դիւանագէտը պնդեց՝ ժամանակի սղութիւնն է պատճառը, չեն հասցուցած կազմակերպել։

«Կը հաւատամ, որ քիչ մը ուշացման խնդիր է, այլ ոչ թէ այլ բան», յաւելեց ան:

Քլաարը, սակայն, չյստակացուց, թէ առաջնորդներէն ով ժամանակ չգտաւ Պրիւքսէլ մեկնելու։

Ժամեր անց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան բացաւ փակագիծերը. «Ակնյայտօրէն Ատրպէյճանի նախագահը, որովհետեւ մենք հիմա ալ պատրաստ ենք մասնակցելու այդ հանդիպման: Յուսամ իսկապէս խնդիրը ժամկէտերն են ու յառաջիկային հնարաւոր պիտի ըլլայ նոր հանդիպման մասին նոր ժամկէտեր պայմանաւորուիլ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է այդ հանդիպման մասնակցելու»:

Աւելի ուշ ալ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային Ժողովին մէջ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտնեց, որ եւրոպացի գործընկերէն պարզաբանումներ պէտք է ստանայ։

«Բայց նաեւ կան աշխատանքային մանրամասներ, որոնք մենք յառաջիկայ օրերին Եւրոմիութեան գործընկերներից կը փորձենք պարզաբանումներ ստանալ եւ հասկանալ հետագայ անելիքները», ըսաւ Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment