Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեանին Յանձնուած Է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին Կողմէ Շնորհուած Շքանշանը

Վարչապետ Փաշինեանին Յանձնուած Է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին Կողմէ Շնորհուած Շքանշանը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ գերաշնորհ արքեպիսկոպոս Ժոզէ Ավելինօ Պեթանքուրին, որ կ’աւարտէ դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ կապերու ամրապնդման նպաստելու համար, արքեպիսկոպոս Պեթանքուրը վարչապետ Փաշինեանին յանձնած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ շնորհուած` Սուրբ Աթոռի բարձրագոյն պարգեւներէն` Փիոս 9-րդ պապի «Ասպետական Մեծ Խաչ» շքանշանը:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է բարձր գնահատանքին համար եւ ընդգծած է ՀՀ կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը` հետեւողականօրէն զարգացնելու կապերը Սուրբ Աթոռին հետ: Նիկոլ Փաշինեան արքեպիսկոպոս Պեթանքուրին մաղթած է յաջողութիւններ հետագայ գործունէութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment