Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Կարօ Փայլան Հիւրընկալուեցաւ ՍԴՀԿ Կլէնտէլի Գրասենեակէն Ներս

Կարօ Փայլան Հիւրընկալուեցաւ ՍԴՀԿ Կլէնտէլի Գրասենեակէն Ներս

by MassisPost

Կիրակի, Հոկտեմբեր 15ևի երեկոյան Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կլէնտէլի գրասենեակէն ներս հիւրընկալուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ նախկին անդամ Կարօ Փայլանը: Հանդիպումին ներկայ էին ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի եւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի անդամներ:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան ողջունելով Կարօ Փայլանին շեշտեց որ, անոր տեսակէտները՝ Հայաստանի ու հայութեան վերաբերող հարցերու շուրջ կը համընկնին Հնչակեան Կուսակցութեան տեսակէտներուն հետ:

Կարօ Փայլան իր ներկայացուց իր գնահատականները Հայաստանի դիմագրաւած ներկայի մարտահրաւէրներու կապակցութեամբ« յայտնելով թէ վտանգները լուրջ են եւ անհրաժեշտ է, որ  հայութիւնը այս  հանգրուանին համախմբուի եւ զօրաշարժի ենթարկուի:

Երկուստեք յայտնուեցաւ այն կարծիքը, որ կարելի չէ ամբողջութեամբ ապաւինիլ այլ պետութիւններու վրայ եւ պէտք է ունենալ հզօր բանակ պաշտպանելու համար Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը:

Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ Հայաստանի ժողովրդավար դիմագիծի պահպանումը:

Կարօ Փայլան տեղեկացուց որ, ինք մասամբ հաստատուած է Ուաշինկթըն՝ քաղաքական շրջանակներուն հետ շփումները զարգացնելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment