Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լեւոն Քոչարեանի Կալանքը Երկու Ամիսով Երկարաձգուած Է

Լեւոն Քոչարեանի Կալանքը Երկու Ամիսով Երկարաձգուած Է

by MassisPost

Լեւոն Քոչարեանի կալանաւորման ժամկէտի երկարացման միջնորդութիւնը բաւարարուած է:

Այս մասին Ֆէյսպուքի էջով յայտնած է փաստաբան Ալեքսանտր Քոչուպաեւը՝ նշելով, որ Լեւոն Քոչարեանը կալանաւորուած է եւս 2 ամիսով:

Հոկտեմբեր 18-ին, քննիչը եւ դատախազը միջնորդած էին Ռոպերթ Քոչարեանի որդիին՝ Լեւոն Քոչարեանի կալանքը 2 ամիսով երկարաձգելու վերաբերեալ:

Յիշեցնենք, որ Լեւոն Քոչարյանին, Սեպտեմբեր 22-ին, հասարակական կարգը խախտելու համար ՆԳՆ ոստիկանները բերման ենթարկած էին, որու ժամանակ ան դիմադրութիւն ցուցադրած եւ վնասուածքներ ստացած էր: Վերջինս տեղափոխած էին հիւանդանոց:

Նոյն օրը Քոչարեանը ձերբակալուած էր, Սեպտեմբեր 25-ին՝ կալանաւորուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment