Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Politico»-ի Հրապարակումը Եւ Ամերիկայի Կասկածելի Հերքումը

«Politico»-ի Հրապարակումը Եւ Ամերիկայի Կասկածելի Հերքումը

by MassisPost

Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայութեան մօտ մեծ մտահոգութիւն յառաջացուց Ամերիկեան հեղինակաւոր առցանց լրատուամիջոց «Politico»-ի այն հրապարակումը այն մասին որ, Ամերիկայի պետական քարտուղար  Էնթընի Պլինքըն ԱՄՆ-ի խումբ մը օրէնսդիրներու հետ հանդիպման ընթացքին նախազգուշացուցած է, թէ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճանը կրնայ ներխուժել Հայաստան: Յայտնի չէ թէ, Պլինքըն ի՞նչ առաջարկած է այդ վտանգը կանխելու համար, եթէ անշուշտ խօսած է այդ մասին:

Աւելի ուշ «Արմէնփրես»-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր յայտնած է, որ յօդուածին մէջ տեղ գտած տեղեկատուութիւնը «սխալ է» եւ «չ՛արտացոլեր այն, ինչ պետական քարտուղար Պլինքընը ըսած է օրէնսդիրներուն»:

«Միացեալ Նահանգները խստօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք ընդգծած ենք, որ այդ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում պիտի յանգեցնէ լրջագոյն հետեւանքներու», աւելցուցած է խօսնակը:

Ներկայիս մտահոգուելու պատճառներ կան, քանի որ, Ատրպէյճան Արցախի մէջ իր նպատակներուն հասնելէ ետք  պիտի փորձէ նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքի» եւ վերջերս ալ 8 գիւղերու մասին իր պահանջները պարտադրել Հայաստանին՝ սպառնալիքներու եւ կամ ռազմական սահմանափակ գործողութիւններու միջոցաւ, առանց լայնածաւալ պատերազմի անցնելու:

Հայաստանի սահմաններուն պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի ախորժակները զսպելու հիմնական երաշխիքը կը շարունակէ մնալ հայկական բանակը, որուն կարողութիւնները բարձրացնելու նպատակով վերջին տարիներուն կը տարուի  մեծ աշխատանք՝ յատկացնելով նիւթական հսկայ միջոցներ: Այս ուղղութեամբ վերջին շրջանին ամենէն նշանակալից իրադարձութիւնը  հանդիսացաւ Ֆրանսայի հրապարակային յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի հետ ռազմական գետնի վրայ համագործակցութեան վերաբերեալ: Այդ յանձնառութեան մասին այս օրերուն խօսած է նաեւ Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիուն Ծերակոյտէն ներս յայտարարելով որ, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յանձնարարութեամբ օրակարգի վրայ է պաշտպանական զինատեսակներու վաճառքը, քանի որ անոր շուրջ են Հայաստանի հետ մեր քննարկումները: Ես աւելին չեմ ըսեր, թէ ինչ զէնքերու մասին է խօսքը՝ ճնշումներէն խուսափելու համար, որպէսզի այս ամէնը հնարաւոր ըլլայ իրագործել:

«Politico»-ն յարգուած ու վստահելի՝ զուտ քաղաքական վերլուծութիւններու նուիրուած հրատարակութիւն մըն է եւ դժուար թէ խեղաթիւրած ըլլայ Պլինքընի խօսքերը: Այս պարագային պէտք է կասկածով մօտենալ Մեթիու Միլլըրի հերքումին, քանի որ հերքումը շատ յաճախ կը նշանակէ կիսով հաստատում:

Ժամանակը եկած է որպէսզի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հետեւի Ֆրանսայի օրինակին՝ գործնական քայլերով պաշտպանելու համար Հայաստանն ու անոր ժողովրդավարութիւնը, որ այս օրերուն կը գտնուի հարուածի տակ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment