Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուա Կը Պնդէ՝ Երեւանի Խնդրանքով Տասնեակ Հազարաւոր Թոներով Մազութ Մատակարարած Են Հայաստանին

Մոսկուա Կը Պնդէ՝ Երեւանի Խնդրանքով Տասնեակ Հազարաւոր Թոներով Մազութ Մատակարարած Են Հայաստանին

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան կը պնդէ՝ Երեւանի խնդրանքով Հայաստանի Հանրապետութեան տասնեակ հազարաւոր թոներով մազութ մատակարարած են:

«Ի պատասխան Հայաստանի ղեկավարութեան դիմումին՝ Ռուսաստանը սկսած է մատակարարել հանրապետութեան անհրաժեշտ նաւթամթերքը։ Խօսքը 15 հազար թոն պենզինի եւ 20 հազար թոն մազութի մասին է։ Ինչպէս յայտնի դարձաւ գործընկերներու խնդրանքէն, Հայաստանի մէջ այդ ոլորտին մէջ բարդ իրավիճակ կը ստեղծուի», յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը եւ կը յաւելէ. «Առջեւը աշուն-ձմեռ շրջանն է։ Ռուսաստանի աջակցութիւնը շատ ժամանակին եւ օգտակար պիտի ըլլայ»։

Պաշտօնական Մոսկուան կը նշէ, որ յառաջիկային Ռուսիոյ կառավարութիւնը եւ ռուսական շարք մը բարեգործական կազմակերպութիւններ մտադիր են օդային ճանապարհով մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու Արցախի հայերուն համար։ Մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

«Յաջորդ շաբաթ ռուս դիւանագէտները դեսպան Ս.Պ. Քոփիրքինի գլխաւորութեամբ պիտի այցելեն Սիւնիքի մարզ, որպէսզի մարզային իշխանութիւններուն հետ պարզելու անյապաղ կարիքները: Այս աշխատանքները պիտի շարունակուին այլ շրջաններու մէջ, ուր տեղահանուած մարդիկ կը գտնուին», յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment