Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Շարք Մը Երկիրներու Ղեկավարներուն Հետ Քննարկած Է Ատրպէյճանի Կողմէ ԼՂ Հայերու Նկատմամբ Ցեղային Զտման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

Փաշինեանը Շարք Մը Երկիրներու Ղեկավարներուն Հետ Քննարկած Է Ատրպէյճանի Կողմէ ԼՂ Հայերու Նկատմամբ Ցեղային Զտման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սպանական Կրանատա քաղաքին մէջ մասնակցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի երրորդ գագաթաժողովին:

Աւելի քան չորս տասնեակ երկիրներու ղեկավարները միջոցառման վայրին մէջ դիմաւորած է Սպանիոյ Թագաւորութեան վարչապետ Փետրօ Սանչեզը, որմէ յետոյ սկսած են գագաթաժողովի աշխատանքները:

Վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է նաեւ «Բազմակողմանիութիւն, ներառեալ անվտանգային եւ աշխարհաքաղաքական խնդիրներ» թեմայով կլոր սեղան քննարկման:

Նիկոլ Փաշինեան գագաթաժողովի ծիրին մէջ կարճատեւ զրոյցներ ունեցած է շարք մը երկիրներու եւ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ: Մասնաւորապէս, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու, այդ շարքին`  Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին շուրջ վարչապետը զրուցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն տեր Լայենի, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի, Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի, Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կահր Սթորեյի, Ֆինլանտայի վարչապետ Փեթերի Օրփոյի, Իսլանտայի վարչապետ Քաթրին Եաքոպստոթթիրի, Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետայի, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութեյի, Լաթվիայի վարչապետ Էվիքա Սիլինայի, Խրուաթիոյ վարչապետ Անտրէ Փլենքովիչի, Մոնթենեկրոյի նախագահ Եաքով Միլաթովիչի, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի, Հիւսիսային Մակեդոնիայի վարչապետ Տիմիթար Քովաչեվսքիի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment