Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կրանատայի Քառակողմ Հանդիպման Յայտարարութիւնը Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցածը Կը Բնորոշէ Զանգուածային Տեղահանութիւն

Կրանատայի Քառակողմ Հանդիպման Յայտարարութիւնը Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցածը Կը Բնորոշէ Զանգուածային Տեղահանութիւն

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց Կրանատայի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքով յայտարարութիւն ընդունած են, որուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը կը բնորոշուի զանգուածային տեղահանութիւն։

Յայտարարութեան մէջ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը, Ֆրանսայի նախագահը եւ Գերմանիոյ վարչապետը կ’ընդգծեն «իրենց անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան»։

Անոնք նաեւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման՝ իր բոլոր չափումներով՝ հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքներուն վրայ:

«Անոնք համաձայնեցան Հայաստանին յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան շուրջ, քանի որ այն կը բախի Ղարաբաղի հայերու վերջին զանգուածային տեղահանութեան հետեւանքներուն։ Անոնք ընդգծեցին, որ այդ փախստականները պէտք է ազատօրէն օգտուին իրենց տուներ եւ իրենց բնակութեան վայրեր վերադառնալու իրաւունքէն՝ առանց որեւէ պայմաններու, միջազգային դիտորդութեան ներքոյ եւ յարգելով իրենց պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մարդու իրաւունքները», նշուած է քառակողմ յայտարարութեան մէջ։

«Անոնք հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերուն՝ հիմնուած Հայաստանի (29 հազար 800 քառ. քմ) եւ Ատրպէյճանի (86 հազար 600 քառ. քմ) ինքնիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ, ինչպէս նշուած է նախագահ Միշէլի յայտարարութեան մէջ։ 2023 թուականի Մայիս 14-ին եւ Յուլիս 15-ին անոնք կոչ ըրած են խստօրէն պահպանել ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքը։ Անոնք ընդգծած են սահմանազատման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ հիմնուելով ԽՍՀՄ Գլխաւոր շտաբի ամենավերջին քարտէզներուն վրայ, որոնք տրամադրուած են կողմերուն եւ պէտք է հիմք հանդիսանան նաեւ ուժերուն միջեւ հեռաւորութիւն պահպանելու, խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնական տեսքի բերելու եւ մարդասիրական բոլոր խնդիրներու լուծման համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

«Անոնք կոչ ըրին աւելի մեծ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ բոլոր սահմաններու, այդ շարքին՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու բացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կապերու բացման՝ երկիրներու ինքնիշխանութիւնը եւ իրաւասութիւնը լիակատար յարգելուն, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

«Եւրոպացի առաջնորդները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրին ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուածները եւ համագործակցելու անհետ կորսուածներու ճակատագրին լուծում տալու եւ ականազերծման աշխատանքները հեշտացնելու համար», ըսուած է քառակողմ փաստաթուղթին մէջ։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment