Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Քայլեր Կը Ձեռնարկէ Երկրին Պաշտպանունակութիւնը Բարձրացնելու Ուղղութեամբ․ Վահագն Խաչատուրեանը «France 2»-ին Հարցազրոյց Տուած Է

Հայաստանը Քայլեր Կը Ձեռնարկէ Երկրին Պաշտպանունակութիւնը Բարձրացնելու Ուղղութեամբ․ Վահագն Խաչատուրեանը «France 2»-ին Հարցազրոյց Տուած Է

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան «France 2» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է ներկայիս Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ առկայ իրադրութեան ու Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով բռնի տեղահանուածներու խնդիրներուն:

նախագահը շեշտած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ աւելի քան 9 ամիս տեւած շրջափակման եւ անոր յաջորդած՝ Սեպտեմբեր 19-20-ին լայնածաւալ ռազմական ուժի կիրառման հետեւանքով աւելի քան հարիւր հազար հայեր հարկադրուած եղած են ընդամէնը օրերու ընթացքին տեղափոխուելու Հայաստան՝ ուր անոնց ֆիզիքական գոյութիւնը վտանգուած չ’ըլլար:

Նախագահը անդրադարձած է նաեւ վերջին ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման նպատակով միջազգային տարբեր կառոյցներու նախաձեռնութիւններուն եւ նշած, որ չնայած գնահատելի են մասնաւորապէս Ֆրանսայի եւ տարբեր հեղինակաւոր կառոյցներու ջանքերը խնդիրի խաղաղ ճանապարհով լուծման եւ ելքեր գտնելու ուղղութեամբ, այնուամենայնիւ անոնք բաւարար չեն եղած ինչպէս Լաչինի մարդասիրական միջանցքը ապաշրջափակելու, այնպէս ալ Ատրպէյճանը զսպելու եւ ուժի կիրառումը բացառելու համար:

«Այստեղ պէտք է հասկանալ մէկ այլ, առաւել լայն երեւոյթ, խօսքը չի վերաբերում միայն Լեռնային Ղարաբաղին, այլեւ աշխարհի ցանկացած կէտում ինչպէս ենք մենք վերաբերուելու նմանօրինակ հիմնախնդիրներին, ինչ լծակներ կան նման զարգացումները կասեցնելու համար, արդեօք մենք պէտք է սպասենք աղէտալի իրադարձութիւնները տեղի ունենան, յետոյ նոր միայն փաստենք զոհերի, արտագաղթողների, ունեզրկուածների ու բռնի տեղահանուածների առկայութիւնը, սա խնդիր է որը վերաբերում է ոչ միայն Հայաստանին ու Լեռնային Ղարաբաղին, այլեւ աշխարհի ցանկացած բնակավայրում ապրող մարդուն», նշած է նախագահը:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ռազմական համագործակցութեան հնարաւորութեան, Վահագն Խաչատուրեան նշած է, որ 2022 թուականի Սեպտեմբեր 11-12-ին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ռազմական յարձակումը պարզ դարձուց, որ առկայ անվտանգային համակարգերը բաւարար չեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան լիարժէք պաշտպանութեան համար, ուստի Հայաստանը քայլեր կը ձեռնարկէ երկրին պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ զարգացնելով գործընկերներու՝ ընդ որում Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները եւ նոր կապեր ստեղծելով: Նախագահը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ ռազմական ոլորտին մէջ Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու հետ համագործակցութիւնը ուղղուած չէ որեւէ երրորդ երկրի դէմ եւ միայն պաշտպանական նպատակ ունի: Ինչ կը վերաբերէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն, հանրապետութեան նախագահը ըսած է. «Մեր հիմնական նպատակն Ատրպէյճանի հետ խաղաղ ապրելու խնդրի լուծումն է, մենք տարածաշրջանում երկարաժամկէտ ու կայուն խաղաղութեան հաստատման կողմնակից ենք, մեր քաղաքականութիւնը միտուած է դրան եւ մեր միջազգային գործընկերներից մենք ակնկալում ենք աջակցութիւն հէնց այս հարցում, մենք ցանկանում ենք խաղաղ ապրել մեր երկրում եւ հարեւանների հետ խնդիրները հարթել խաղաղ գործիքակազմերով եւ զարգացնել բարիդրացիական յարաբերութիւնները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment