Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Freedom House. Հայաստանի Համացանցը Ազատ Է

Freedom House. Հայաստանի Համացանցը Ազատ Է

by MassisPost

Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է համացանցի ազատութեան 2023 թուականի զեկոյցը, որուն համաձայն՝ Հայաստանը կը շարունակէ գտնուիլ «ազատ երկիրներու» ցանկին մէջ:

Ըստ զեկոյցին, «թէեւ առցանց միջավայրը Հայաստանի մէջ կը մնայ բաց, համացանցի ազատութիւնը լուսաբանման ժամանակահատուածին մէջ որոշ չափով նուազած է, ինչ որ մեծաւ մասամբ պայմանաւորուած է 2022 թուականի երկրորդ կէսին հայկական տարածքներ Ատրպէյճանի զօրամիաւորումներու ներխուժման հետ կապուած տեղեկատուութեան տարածման սահմանափակումներով, ինչպէս նաեւ հաքերային յարձակումներու աճով», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ:

Դրական հանգամանք կը համարուի այն, որ կառավարութիւնը ընդունած է Քրէական օրէնսգիրքի նոր տարբերակը, որով ապաքրէականացուցած է նախորդ տարի հաւանութեան արժանացած եւ բազում վէճերու եւ քննադատութեան առիթ դարձած «ծանր վիրաւորանքը»:

Հայաստանը վաստակած է 72 միաւոր: Այն կազմուած է հետեւեալ բաղադրիչներէն. մուտքի խոչընդոտ՝ 19, բովանդակութեան սահմանափակում՝ 28, եւ օգտատէրերու իրաւունքներու խախտում՝ 25 միաւոր:

Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանէն առաջ անցած է 77 միաւոր վաստակած Վրաստանը:

Թուրքիան (30 միաւոր), Ատրպէյճանը (37 միաւոր) եւ Իրանը (11 միաւոր) մնացած են «ոչ-ազատ» երկիրներու ցանկին մէջ: Այդ խումբին մէջ է նաեւ 21 միաւոր վաստակած Ռուսաստանը:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ համաշխարհային համացանցին ազատութիւնը 13 տարի անընդմէջ նահանջ կ’արձանագրէ, իրավիճակը վատթարացած է 27 երկիրներու մէջ եւ բարելաւուած՝ 22-ի մէջ:

Զեկոյցին մէջ կ’ըսուի, որ արհեստական բանականութեան արհեստագիտութիւնը կրնայ նպաստել առցանց ապատեղեկատուութեան տարածման:

Թեքնիքապէս զարգացած մենատիրական կառավարութիւնները արհեստական բանականութեան «Չաթպոթի» արհեստագիտութիւններով փորձած են ուժեղացնել գրաքննութեան համակարգերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment