Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան ՀՀ-ի Հետ Ռազմասարքի Տրամադրման Պայմանագիր Պիտի Ստորագրէ, Ֆրանսան Իր Համաձայնութիւնը Տուած Է․ Քաթրին Քոլոննա

Ֆրանսան ՀՀ-ի Հետ Ռազմասարքի Տրամադրման Պայմանագիր Պիտի Ստորագրէ, Ֆրանսան Իր Համաձայնութիւնը Տուած Է․ Քաթրին Քոլոննա

by MassisPost

«Ֆրանսան շատ զգօն պիտի ըլլայ որեւէ սպառնալիքի նկատմամբ, որուն նկրտումներն են Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Դուք գիտէք, որ Ֆրանսայի նախագահը շատ յստակ եղած է, Ֆրանսան շատ զգօն պիտի ըլլայ իր բարեկամ երկրի՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ», այս մասին Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոննան։

Ան նշեց, որ այդ մասին խօսած են ՀՀ վարչապետին հետ եւ ուղիղ մէկ տարի առաջ Ֆրանսայի նախագահը Փրակի մէջ հանդիպում ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ եւ անոր արդիւնքը, կարելի է ըսել, հիմք ծառայած է իրենց հետագայ ջանքերուն համար։

«Մենք խօսեցանք նաեւ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մասին։ Կը փափաքէի հանրայնօրէն ըսել, որ Ֆրանսան իր համաձայնութիւնը տուած է Հայաստանի հետ ապագայ պայմանագրի կնքման համար, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ ռազմասարք տրամադրել Հայաստանին, որպէսզի Հայաստանը կարենայ իր պաշտպանութիւնը ապահովել, կը կարծեմ հասկնալի է, որ այժմ չեմ կրնար աւելի մանրամասնել այս հարցը», ըսաւ Քաթրին Քոլոննան։

Հարցումին, թէ արդեօք Ֆրանսայի համար Հայաստանի հետ ռազմական համագործակցութեան հարցով կարեւո՞ր է, որ Հայաստանը դադրեցնէ ՀԱՊԿ-ի հետ ռազմական համագործակցութիւնը, նախարարը, ըստ էութեան, ըսաւ, որ աւելին չի կրնար ըսել, քան ըսած է։ Իսկ Արարատ Միրզոյեանը յաւելեց, որ իրենց գործընկերները ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու պահանջ իրենց առջեւ չեն դրած։

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը նաեւ նշեց, որ գրաւոր դիմած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելին` Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը ընդլայնելու, անոր մանտաթը հզօրացնելու հարցով, որ այն կարենայ աւելի օգտակար ըլլալ Հայաստանին:

«Առաջարկած եմ ներառել Հայաստանը «խաղաղութեան եւրոպական մեխանիզմի» մէջ, ինչպէս, օրինակ, կ’իրականացուի Մոլտովայի համար: Մեր նպատակն է, որ ԵՄ-ն եւ անոր անդամները սկսին նոյնպիսի յստակ ազդակներ ցոյց տալ, ինչպէս Ֆրանսան ցոյց կու տայ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան հետ կապուած: Որեւէ գործողութիւն, որ կը սպառնայ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան, շատ յստակ եւ կոշտ արձագանգի պիտի արժանանայ, յոյսով եմ` կրնանք յոյս դնել նաեւ այլ գործընկերներու վրայ, մասնաւորապէս խօսքս ԱՄՆ-ի մասին է», ըսաւ ան:

Վերդառնալով ԼՂ-էն տեղահանուած հայերու հարցին, նախարարը նախ նշեց, որ անոնք իրենց կամքով չեն լքած իրենց հողը, այլ բռնի տեղահանուած են, ապա ըսաւ, որ պայմաններ կը ստեղծեն, որ ԼՂ բնակիչներուն համար բանաձեւ ընդունելու, որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն վերադառնալու իրենց տուներ՝ անվտանգ պայմաններու մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment