Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Հրաժարած Է Կրանատայի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ Հանդիպումէն

Ալիեւ Հրաժարած Է Կրանատայի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ Հանդիպումէն

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրաժարած է մեկնելէ Սպանիա, ուր պէտք է հանդիպում կայանար ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ ԵՄ-ի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ առաջնորդների մասնակցութեամբ։ Այս տեղեկութիւնը հաստատած են haqqin.az-ի աղբիւրները։

Ատրպէյճանի նախագահի մերժման պատճառը, ըստ աղբիւրներուն, Ֆրանսայի «ապակառուցողական» դիրքորոշումն է, ինչպէս նաեւ այն, որ Փարիզը եւ Պերլինը համաձայն չեն եղած, որ հանդիպման մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ նախագահը:

Այդպիսի պայմաններով Ատրպէյճանը հրաժարած է բանակցութիւններու կայացումէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment