Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Նախագահը Թեհրանի Մէջ Ընդունած Է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը

Իրանի Նախագահը Թեհրանի Մէջ Ընդունած Է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան կը տեղեկացնէ, որ Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ վարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ՝ քննարկելով տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր։

«Հանդիպման ընթացքին քննարկած ենք տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակը եւ ընդգծուած է, որ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքը պէտք է յարգուի, իսկ հակամարտութիւնները՝ լուծուին երկխօսութեան միջոցով։

Անդրադառնալով հայ-իրանեան երկկողմ յարաբերութիւններուն՝ կարեւորած ենք այդ յարաբերութիւններու բազմաոլորտ զարգացման շարունակութիւնը։

Իպրահիմ Ռայիսին խնդրած է իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին», Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է Արմէն Գրիգորեանը։

Աւելի վաղ, ան հանդիպումներ ունեցած էր Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Գերագոյն Խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment