Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Բոլորին Համար Պարզ Է, Որ Ռուսաստանը Դաւաճանած Է Հայ Ժողովուրդին». Շարլ Միշէլ

«Բոլորին Համար Պարզ Է, Որ Ռուսաստանը Դաւաճանած Է Հայ Ժողովուրդին». Շարլ Միշէլ

by MassisPost

«Ռուսաստանը չէ ապահոված Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը․ բոլորին համար պարզ է, որ Ռուսաստանը դաւաճանած է հայ ժողովուրդին», «Euronews»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է ԵՄ խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը։

Ան յայտնած է, որ Ռուսաստանը դաւաճանած է հայ բնակչութեան։

«Իրավիճակը պարզ է. ոչ ոք կրնայ այդ չտեսնել։ Ռուսաստանը ցանկութիւն յայտնած է, որ իր զինուորները ներկայ ըլլային այնտեղ եւ երաշխաւորեն կայունութեան եւ անվտանգութեան մասին համաձայնագրերը: Մենք կը տեսնենք, որ այդ ռազմական գործողութիւնը սկսած է առանց իրադարձութիւններու վայրին մէջ գտնուող Ռուսաստանի ամենափոքր արձագանգի՝ ի տարբերութիւն Եւրոմիութեան, որ այնտեղ ռազմական ներկայութիւն չունի», ըսած է ԵՄ խորհուրդի նախագահը՝ ընդգծելով, որ մտադիր է միջնորդութիւն առաջարկել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ սպանական Կրանատայի մէջ այս շաբթբուան վերջը կայանալիք Եւրոմիութեան գագաթաժողովի ընթացքին:

Լրագրողի հարցումին, թէ Յունուար 1-էն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ, հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է վստահութիւն ստեղծել այս պայմաններուն մէջ, Միշէլ նշած է, որ Ատրպէյճանը մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ այն պահէն, երբ սկսած է ռազմական գործողութիւնը․

«Այժմ Ատրպէյճանը պէտք է բարի կամք դրսեւորէ, միջազգային հանրութիւնը ներգրաւէ իրավիճակի դիտարկման մէջ, որպէսզի պաշտպանուին Ատրպէյճանի մէջ բնակող ամբողջ բնակչութեան, ընդ որում՝ հայ բնակչութեան, իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», ընդգծած է Շարլ Միշէլը։

ԵՄ խորհուրդի նախագահը անդրադարձած է նաեւ Պաքուի հետ ԵՄ յարաբերութիւններուն՝ զայն բնորոշելով բարդ, բայց հեռանկարային․

«Պրիւքսէլի յարաբերութիւնները Պաքուի հետ կը շարունակեն մնալ բարդ, բայց հեռանկարային։ Անցեալ տարի Եւրոմիութիւնը շատ բան ըրաւ Ատրպէյճանէն աւելի շատ բնական կազ ստանալու համար։ Կովկասի մէջ անվտանգութեան ամրապնդման եւ համագործակցութեան զարգացման ջանքերուն պէտք է աւելի շատ ներգրաւել Ատրպէյճանը», ըսած է Միշէլ։ Նաեւ անդրադարձած է Հռոմի Կանոնադրութեան վաւերացման Ազգային Ժողվին մէջ։

«Ան այսօր գործընկե՞ր է։ Այո՛, ան գործընկեր է: Արդեօ՞ք սա կը նշանակէ, որ յարաբերութիւնները պարզ են: Ո՛չ, յարաբերութիւնները պարզ չեն: Արդեօ՞ք այդ կը նշանակէ, որ այս յարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններ կան: Այո՛, իրականութիւնը բարդ է, եւ այդ պէտք է հասկնալ», եզրափակած է Շարլ Միշէլ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment