Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շնորհակալութիւն Ռուսաստան… Շնորհակալութիւն Արեւմուտք… Արցախը Յանձնեցինք Ազերիներուն

Շնորհակալութիւն Ռուսաստան… Շնորհակալութիւն Արեւմուտք… Արցախը Յանձնեցինք Ազերիներուն

by MassisPost

Արցախը դատարկուեցաւ, ենթարկուեցաւ Նախիջեւանի ճակատագրին ու այսօր սովահար ու տեղահանուած Հայութիւնը ընկերային ծանր պայմաններու տակ հասած է Հայաստան՝ կորսնցնելէ ետք հարազատներ, տուն-տեղ, հողեր, գործատեղեր եւայլն:

Այս ողբերգութեան մէջ իրենց մեղքի բաժինը ունի հաւաքական Հայ ժողովուրդը, որ գերագնահատեց իր կարողութիւնները: Պատասխանատուութեան բաժին ունին  երկրի յաջորդական ղեկավարները, կուսակցութիւնները, քաղաքական գործիչները, հոգեւոր առաջնորդները ու բոլորը, որոնք  գացին պատրանքներու ետեւէն՝ յոյս կապելով արտաքին ուժերու վրայ, որոնք անգամ մը եւս մեզ յուսախաբ ընելով թողեցին երեսի վրայ:

Այդ արտաքին ուժերէն գլխաւոր դերակատարը հանդիսացաւ դժբախտաբար, մեր կարծեցել դաշնակից՝ Ռուսաստանը, որ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին ստորագրուած՝ Նոյեմբեր 9-ին  եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները ոչ միայն թերացաւ կատարելէ, այլեւ իր անգործութեամբ եւ երբեմն ալ քաջալերանքով նպաստեց Ատրպէյճանի ծրագիրներու իրականացման:

Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղ ժամանելէ անմիջապէս ետք Ազերի զօրքերը սկսան կամաց-կամաց յառաջանալ իրենց դիրքերէն, հակառակ որ, Նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութեամբ իւրաքանչիւր կողմ պէտք էր մնար այնտեղ, ուր որ կը գտնուէր զինադադարի պահուն: Ռուս խաղաղապահները անտեսելու եկան այդ ոտնձգութիւնները, այդպիսով դուռ բանալով Ատրպէյճանի այլ քայլերուն առջեւ:

2021-ի Մայիսին Ատրպէյճան ներխուժեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, իսկ Մոսկուան մնաց լուռ, առանց իսկ զօրակցութեան յայտնելու իր դաշնակիցին: Նոյնը պատահեցաւ 2023-ի Սեպտեմբերին  եւ  Հայաստան պաշտօնապէս դիմեց օգնութեան՝ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն, որ փաստօրէն կը ղեկավարուի Ռուսաստանի կողմէ, սակայն այդ օգնութիւնը տարբեր պատրուակներով չտրամադրուեցաւ: Նոյն միջոցին Ռուսաստան մերժեց Հայաստանին մատակարարել այն զինատեսակները« որոնք կարեւոր էին Հայաստանի բանակը պատերազմէն յետոյ վերականգնելու համար« հակառակ որ« անոնց գումարները նախապէս վճարուած էին:

Ռուսաստանի այս բոլոր քայլերը կանաչ լոյս բացին Ատրպէյճանի համար, որպէսզի ան դիմէ աւելի  յառաջացած քայլերու:

Արցախի հայաթափման վերջին հանգրուանի գործադրութիւնը  սկսաւ 2022-ի Դեկտեմբերին, երբ խումբ մը «բնապահպաններ» փակեցին Լաչինի ճանապարհը, որ կը գտնուէր ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ, սակայն անոնք ոչ մէկ փորձ ըրին զանոնք հեռացնելու եւ ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար: Այս քայլին յաջորդեց Լաչինի միջանցքի մուտքին անցակէտի տեղադրումը եւ ամբողջական փակումը, կազի եւ ելեքտրականութեան անջատումը, մարդասիրական օգնութեան մուտքի արգելքները, այդպիսով   Արցախահայութիւնը հասցնելով սովի եզրին:

Այս բոլորը շարունակաբար տեղի ունեցան Ռուսաստանի մեղսակցութեամբ, երբ հասաւ Սեպտեմբեր 19-ի լայնածաւալ յարձակումի պահը ու 24 ժամ չանցած խաղաղապահները Արցախի ղեկավարութեան պարտադրեցին ստորագրել զինադադարի միակողմանի որոշում մը, հակառակ որ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը իր վիճակի էր տակաւին դիմադրելու:  Պաքուի խոստովանութեամբ իսկ, Ազերի բանակի կորուստները  մէկ օրուան մէջ հասած էին 200-ի:

Ռուս խաղաղապահները նոյնիսկ չապահովեցին  ազատ ելք՝ Արցախի ռազմական ու քաղաքական ղեկավարութեան համար, հակառակ որ,  բոլորն ալ կը նկատուէին այսպէս կոչուած՝ ռուսամէտ գործիչներ: Անոնցմէ շատեր դժբախտաբար այսօր յայտնուած են Պաքուի բանտերուն մէջ:

Այս բոլորէն ետք Մոսկուա կը փորձէ չքմեղանալ՝ պատասխանատուութիւնը բարդելով Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Արեւմուտքին վրայ, սակայն Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ ու տեսաւ այս բոլոր զարգացումները եւ ցաւով կ՛արձանագրէ այն տխուր դերը, որ Ռուսաստան ունեցաւ Արցախի հայաթափման մէջ:

Մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը Հայաստանի ժողովուրդի 70-80 տոկոսը Ռուսաստանը կը նկատէր բարեկամ երկիր: Այդ տոկոսները այսօր չկան եւ ատոր համար պատասխանատու են Քրեմլին նստած ղեկավարութիւնը, որոնք կորսնցուցին Հայ ժողովուրդի վստահութիւնը:

Մարդկային պարտութեան այս նորագոյն ողբերգութեան մէջ պատասխանատուութեան մեծ բաժին ունի նաեւ Արեւմուտքը՝ իր Եւրոպայով ու Ամերիկայով, որոնք Արցախի շրջափակումի ամբողջ 10 ամիսներու ընթացքին խօսքէն անդին չ՛անցան՝ բաւարարուելով անատամ կոչերով, շատ յայաճախ հաւասարութիւն դնելով կողմերուն միջեւ:

Արեւմուտքի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու սպառնալիքն իսկ բաւարար պիտի ըլլար, որպէսզի  Պաքուի բռնապետը երկու անգամ մտածէր, որեւէ քայլի դիմելէ առաջ: Սակայն, այդ եւս տեղի չունեցաւ ու հասանք հոն ուր հասանք: Պատմութիւնը անգամ մը եւս սեւ տարրերով պիտի արձանագրէ՝ Արեւմուտքի թերացաւ իր դաւանած՝ մարդկայսին իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքին մէջ:

Այսպիսով հեգնանքով «շնորհակալութիւն» կը յայտնենք Ռուսաստանին ու Արեւմուտքին, որոնք Արցախը յանձնեցին Ատրպէյճանին:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment