Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրեմլինը Պիտի Չփափաքէր, Որ Փութինը Երբևէ Ստիպուած Ըլլայ Չեղարկել Այցը Հայաստան. Փեսքով

Քրեմլինը Պիտի Չփափաքէր, Որ Փութինը Երբևէ Ստիպուած Ըլլայ Չեղարկել Այցը Հայաստան. Փեսքով

by MassisPost

Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ Հռոմի Կանոնադրութեան վաւերացումը ոչ-ճիշդ որոշում է։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։

Ան նշած է, որ այժմ երկրի գործող ղեկավարութեան ուղղուած լրացուցիչ հարցեր ի յայտ եկած են։

Քրեմլինը բացարձակապէս համաձայն չէ Փաշինեանի հետ, որ այդ քայլը հիմնաւորած է երկրի անվտանգութեան կարիքներով։

«Քրեմլինը պիտի չփափաքէր, որ Փութինը երբեւէ ստիպուած ըլլայ չեղարկել այցը Հայաստան», նշած է ան։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ Ազգային Ժողովը 60 կողմ, 22 դէմ ձայներով վաւերացուցած է Հռոմի Կանոնադրութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment