Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դէմ Ենք Տարածաշրջանին Մէջ Որեւէ Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութեան. Քանանին Արձագանգած Է Էրտողանին

Դէմ Ենք Տարածաշրջանին Մէջ Որեւէ Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութեան. Քանանին Արձագանգած Է Էրտողանին

by MassisPost

Իրանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանանին ամէնօրեայ ճեպազրոյցին ընթացքին մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնները Իրանի կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ դրական ազդանշաններ ստանալու մասին:

«Մենք համաձայն ենք ճանապարհային երթուղիները զարգացնել այնպէս, որ երաշխաւորուին տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն շահերը: Բայց, միեւնոյն ժամանակ, կը յիշեցնենք եւ կ’ընդգծենք, որ կը մերժենք միջազգային սահմաններուն փոփոխութիւնը եւ դէմ ենք տարածաշրջանին մէջ որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան, այդ հարցով մեր դիրքորոշումը յայտնած ենք թափանցիկ եւ յստակ», յայտնած է Քանանին։

«Մենք կ’ողջունենք տարածաշրջանային երկխօսութիւնը «3+3» ձեւաչափի շրջանակներուն մէջ եւ շարունակել խորհրդակցութիւնները այլ երկիրներու հետ։ Մենք պատրաստ ենք ընելու հնարաւորը՝ կովկասեան խնդիրի լուծման համար», աւելցուցած է ԱԳՆ-ի խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment