Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այդ «Չափազանց Թշնամական» Է Ռուսաստանի Նկատմամբ. Քրեմլինը՝ Հռոմի Կանոնադրութեան Միանալու Երեւանի Մտադրութեան Մասին

Այդ «Չափազանց Թշնամական» Է Ռուսաստանի Նկատմամբ. Քրեմլինը՝ Հռոմի Կանոնադրութեան Միանալու Երեւանի Մտադրութեան Մասին

by MassisPost

Մոսկուան չ’ողջուներ Հռոմի Կանոնադրութեան միանալու Երեւանի մտադրութիւնը, լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Հայաստանը հրաշալի գիտէ, որ մենք չենք հանդիսանար (Հռոմի Կանոնադրութեան մասնակից, եւ Հայաստանը հրաշալի գիտէ այդ կանոնադրութեան հիման վրայ ընդունուած՝ գլխուն մէջ դժուար տեղաւորուող (Միջազգային քրէական դատարանի՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կալանաւորելու հրահանգ տալու) որոշման մասին։ Մենք գիտենք, որ Երեւանի մէջ այս մասին շատ լաւ յայտնի է: Սա այն չէ, ինչ որ մենք կ’ողջունենք», նշած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը՝ խօսելով Հայաստանի համապատասխան գործողութիւններուն մասին։

Փեսքովի խօսքով՝ Հայաստանի իշխանութիւններու նման որոշումը «չափազանց թշնամական» է Ռուսաստանի նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment