Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կիրակոսեան․ Հռոմի Կանոնադրութեան Վաւերացման Պարագային Փութինին Հայաստանի Մէջ Ձերբակալութիւն Չի Սպառնար

Կիրակոսեան․ Հռոմի Կանոնադրութեան Վաւերացման Պարագային Փութինին Հայաստանի Մէջ Ձերբակալութիւն Չի Սպառնար

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահին ձերբակալութիւն չի սպառնար, եթէ ան
Հռոմի Կանոնադրութիւնը վաւերացնելէ յետոյ ժամանէ Հայաստան։ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանի պնդմամբ՝ նախ՝ պետութիւններու գործող ղեկավարները դիմադրողականութիւն ունին, երկրորդ՝ այդ մտահոգութիւնները ցրելու համար Երեւանը նաեւ Մոսկուային ամիսներ առաջ առաջարկներ ուղարկած է։

Ըստ Կիրակոսեանի՝ այդ կ’ենթադրէ նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմ համաձայնագրի կնքում, «որը կարող է նախատեսել որոշակի կարգաւորումներ, պարտաւորութիւններ երկկողմ մակարդակով, որը կարող է նաեւ այս հաւանական խնդիրը շատ, կարծում եմ, ճիշդ իրաւական հունով լուծել, կամ այս մտահոգութիւնը հանգուցալուծել»։

Կառավարութեան ներկայացուցիչը ըսաւ, որ Ապրիլին ուղարկուած առաջարկին Մոսկուան չէ արձագանգած։ Չյստակացուց՝ արդեօք Մոսկուայէն պարզաբանա՞ծ են, թէ ինչն է յապաղման պատճառը։ Եթէ Փութինը ձերբակալելու վտանգ չկայ, ապա ինչո՞ւ Մոսկուան այդքան սուր կ’արձագանգէ Երեւանի որոշման, Կիրակոսեան ըսաւ՝ չի գիտեր. «Բայց, ամէն դէպքում, եթէ նոյնիսկ խնդիր կայ, լուծումներ կան»։

Ազգային Ժողովի Պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ Ռուսաստանի նախագահի ձերբակալման հրահանգ տուած Միջազգային Քրէական Դատարանի՝ Կանոնադրութիւնը վաւերացնելու նախագիծին: Փաստաթուղթը ընդգրկուեցաւ Հոկտեմբե 3-ին մեկնարկելիք ԱԺ լիագումար նիստին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment