Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուաշինթըն Ունի Բաւականաչափ Գործիքներ. Փաուըր՝ Պաքուի Հնարաւոր Ոտնձգութիւնը Զսպելու ԱՄՆ Լծակներուն Մասին

Ուաշինթըն Ունի Բաւականաչափ Գործիքներ. Փաուըր՝ Պաքուի Հնարաւոր Ոտնձգութիւնը Զսպելու ԱՄՆ Լծակներուն Մասին

by MassisPost

«Անկախ աչքեր ու ականջներ ունենալը, Լեռնային Ղարաբաղ անյապաղ մուտքի հնարաւորութիւնը մեզի համար այժմ բացարձակ առաջնահերթութիւնն է», Երեւանի մէջ յայտնեց ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրը, որ կը գլխաւորէ Ուաշինկթընէն ժամանած բազմանդամ պատուիրակութիւնը, անոր կազմին մէջ՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով պետական քարտուղարի տեղակալի պաշտօնակատ Եուրի Քիմ:

«Ես այստեղ եմ՝ երթալու, հանդիպելու Լեռնային Ղարաբաղէն փախուստի դիմած մարդոց, տեղեկանալու, թէ ինչ պատահած է անոնց: Մենք չափազանց մտահոգուած ենք քաղաքացիական անձերու նկատմամբ բռնութիւններու մասին հաղորդումներով։ Իմ առաքելութեան, այցի հիմնական նպատակը այն է, որ հնարաւորինս շատ տեղեկութիւններ կարենանք ստանալ եւ կարենանք աջակցութիւն ապահովել, կարենանք փոխանցել հրատապութիւնը, որ այնտեղ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պէտք է ունենալ անկախ աչքեր եւ միջազգային ներկայութիւն», յայտնեց Փաուըր՝ շարունակելով. «Իմ այցին միւս նպատակը նախագահ Պայտընի ուղերձը փոխանցելն է վարչապետ Փաշինեանին, որ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի անկախութեան ու ինքնիշխանութեան»։

Սամանթա Փաուըրի փոխանցած նամակին մէջ ԱՄՆ նախագահ Պայտընը Միացեալ Նահանգներուն ուժեղ աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի ձգտման դէպի արժանապատիւ եւ կայուն տարածաշրջանային խաղաղութիւն եւ կը խոստանայ շարունակել աջակցիլ Հայաստանին ժողովրդավարութեան ամրապնդման ջանքերուն մէջ։

ԱՄՆ-ի մէջ ազդեցիկ դիւանագէտ համարուող Փաուըր յայտնեց, որ անձամբ Պայտընը զինք գործուղած է Հայաստան, ու վերահաստատեց Ուաշինկթընի աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան։ «Մենք դարձեալ շատ յստակ կը յայտարարենք, ինչպէս այդ կատարուած է ՄԱԿ-ի հարթակէն՝ մենք կ’աջակցինք Հայաստանի ինքնիշխութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովրդավարութեան, ես չեմ կրնար նշել, թէ որոնք պիտի ըլլան անոնց ոտնահարումներու պարագային հետեւանքները, բայց շատ կարեւոր է, որ աշխարհը միասնական կանգնած յայտարարէ, որ անոնք անխախտելի սկզբունքներ են», ըսաւ ամերիկացի պաշտօնեան։

«Առաւօտեան այցելած եմ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր ու ծաղիկներ դրած՝ ոչ միայն մէկ դար առաջ զոհուած անմեղ զոհերու յիշատակին, այլեւ անոր համար, որ մենք կանգնինք միմեանց կողքին՝ միմեանց արժանապատուութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար։ Այսօր ես եւ վարչապետ Փաշինեանը խօսեցանք այն մասին, թէ ինչպէս կրնանք օգնել հայ ժողովուրդին յառաջիկայ ժամանակահատուածին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ նաեւ հետագայում, երբ Հայաստանը շարունակէ միջոցներ ձեռնարկել իր ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու, ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ իր ժողովուրդին բարեկեցութիւնը ապահովելու ճանապարհին», աւելցուց Փաուըր։
Մինչ Ուաշինկթըն կը յայտարարէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սատարելու մասին, Հայաստանի վարչապետն ու միւս բարձաստիճան պաշտօնեաները կը յայտարարեն, որ ատրպէյճանական նոր յարձակման վտանգ կայ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ։ «Ազատութիւն»-ը հետաքրքրուեցաւ Սամանթա Փաուըրէն, թէ ինչ լծակներ ունի ԱՄՆ՝ զսպելու Ատրպէյճանի հնարաւոր ոտնձգութիւնը։ Փաուըրը արձագանգեց, որ «Ուաշինկթընը ունի բաւականաչափ գործիքներ իր տրամադրութեան տակ, ԱՄՆ մայրաքաղաքին մէջ բարձր մակարդակներով քննարկումներ կ’ընթանան, թէ որոնք պիտի ըլլան համարժէք քայլերը»։

«Այստեղէն Ուաշինկթըն պիտի տանիմ ուղերձներ ու մտահոգութիւն, որոնք լսած եմ բոլոր մարդոցմէ, որոնց հանդիպած եմ Հայաստանի մէջ՝ կապուած հնարաւոր հետագայ բռնութիւններուն հետ», ըսաւ Սամանթա Փաուըր։

ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավարը նշեց, որ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը կը շարունակէ մնալ Ուաշինկթընի օրակարգին, ան աւելցուց. «Հասկնալի է, որ վերջին իրադարձութիւնները թերահաւատութիւն յառաջացուցած են քաղաքական քննարկումներուն նկատամբ, սակայն ԱՄՆ-ի եւ անոր գործընկերներուն ուղերձը կը մնայ նոյնը՝ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, ինչին կը ձգտի նաեւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment