Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Առաքելութիւն, Որ Ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակիչներուն Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը»․ Միլլըր

«Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Առաքելութիւն, Որ Ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակիչներուն Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը»․ Միլլըր

by MassisPost

Ուաշինկթըն մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակով, ճեպացրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր՝ կարեւորելով, մասնաւորապէս, գոյութիւն ունեցող զինադադարի պահպանումը, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին մարդասիրական կարիքներու բաւարարումը, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի հաստատման հասնիլը։

Միլլըր շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը պէտք է կարենան մնալ իրենց տուներուն մէջ, եթէ կը փափաքին, եւ ապրին խաղաղ ու արժանապատիւ պայմաններու մէջ, ընդգծելով որ անոնց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է յարգուին։ Իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին հեռանալ Արցախէն, ապա պէտք է ապահովուի անոնց անվտանգ ելքը՝ անկախ՝ երրորդ կողմի վերահսկողութեան ներքոյ, ըսած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը։

Ատրպէյճանը, շեշտած է Միլլըր, պատասխանատուութիւն կը կրէ խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու, անոնց նկատմամբ մարդկային վերաբերմունք ապահովելու համար, ընդ որում՝ անոնց նկատմամբ, որոնց կը կասկածի մարտական գործողութիւններու մէջ ներգրաւուած ըլլալու համար։

«Մենք կը հաւատանք, որ պէտք է ըլլայ միջազգային առաքելութիւն, որ կ’ապահովէ թափանցիկութիւն եւ կ’երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը՝ Ատրպէյճանի հրապարակային յայտարարութիւններուն համահունչ», ըսած է խօսնակը՝ նշելով, որ Ռուսաստանը ցոյց տուաւ, որ անվտանգութեան գործընկեր չէ, որուն վրայ կարելի է յոյս դնել։

Միլլըր վերահաստատած է, որ խաղաղութեան պայմանագիրը հասանելի է, եթէ երկու կողմերն ալ պատրաստ ըլլային երթալու բարդ փոխզիջումներու:

«Ակնյայտ է, որ մենք նման բան չենք տեսած վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին։ Նախագահ Ալիեւն ու վարչապետ Փաշինեանը յայտարարած են, որ յաջորդ շաբաթ կը պատրաստուին հանդիպելու։ Մենք կը կարծենք, որ կարեւոր է, որ անոնք հանդիպին եւ ի վերջոյ կամրջեն իրենց երկու երկիրներուն միջեւ անջրպետը», ըսած է Միլլըր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment