Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է ԱՄՆ Ծերակուտական Կերի Փիթըրզը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է ԱՄՆ Ծերակուտական Կերի Փիթըրզը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ ծերակուտական Կերի Փիթըրզը:

Վարչապետը բարձր գնահատած է հայ ժողովուրդին համար դժուարին իրավիճակի մէջ պարոն Փիթըրզի այցը Հայաստան եւ ընդգծած է ԱՄՆ աջակցութեան կարեւորութիւնը` ստեղծուած խնդիրներու յաղթահարման գործին մէջ: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԱՄՆ-ի հետ առկայ սերտ փոխգործակցութիւնը, այդ շարքին` մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման եւ այլ ուղղութիւններով:

Ծերակուտական Փիթըրզ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող ծանր մարդասիրական իրավիճակին առնչութեամբ եւ ընդգծած է մարդասիրական օգնութեան` սնունդի, դեղորայքի եւ այլ էական պաշարներու տեղ հասցնելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան իր տպաւորութիւնները կիսած է Սիւնիքի եւ Վայոց ձորի մարզեր կատարած այցերէն, վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան:

Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին, ԼՂ հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան օրակարգի հետ կապուած հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment