Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մենք Երբեք Չենք Համաձայնիր Ռուս Խաղաղապահներու Հասցէին Հնչեցուած Նախատինքներուն Հետ». Փեսքով

«Մենք Երբեք Չենք Համաձայնիր Ռուս Խաղաղապահներու Հասցէին Հնչեցուած Նախատինքներուն Հետ». Փեսքով

by MassisPost

Ռուսաստանը պիտի շարունակէ երկխօսութիւնը Հայաստանի՝ ներառեալ երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, սակայն կտրականապէս համաձայն չէ ռուս խաղաղապահներուն որեւէ բանով մեղադրելու փորձերուն հետ։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

Անոր խօսքով՝ այս դժուարին օրերուն Հայաստանի հետ տարբեր մակարդակներով երկխօսութիւնը կը շարունակուի։

«Գիտէք, բոլորովին վերջերս Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Փաշինեանի հետ: Մենք կը հասկնանք այս պահի զգացական շիկացումը, բայց կտրականապէս համաձայն չենք պատասխանատուութիւնը ռուսական կողմին վրայ, առաւել եւս ռուս խաղաղապահներուն վրայ դնելու փորձին հետ, որոնք ցոյց կու տան իսկական հերոսութիւն՝ իրենց գործառոյթները կատարելով այն մանտաթով, որ առկայ է։ Եւ նախատել խաղաղապահները, որ անոնք որեւէ բան պէտք եղածին պէս չեն ըներ, ոեւէ մէկը չի կրնար։ Մենք երբեք չենք համաձայնիր նման նախատինքներու հետ», ըսած է Փեսքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment