Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախը Համաձայնած Է Լուծարել Բանակը Եւ Քննարկել Ատրպէյճանի Հետ Համարկման Հարցը

Արցախը Համաձայնած Է Լուծարել Բանակը Եւ Քննարկել Ատրպէյճանի Հետ Համարկման Հարցը

by MassisPost

Արցախի իշխանութիւնները համաձայնած են լուծարել բանակը եւ քննարկել Ատրպէյճանի հետ համարկման հարցը։

Այս որոշումը կայացնելէ առաջ Արցախի նախագահը Անվտանագութեան Խորհուրդի նիստ հրաւիրած էր, որուն մասնակցած են քաղաքական բոլոր ուժերն ու նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը։

Նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը որոշումը հրապարակելէ առաջ ըսած էր, թէ Արցախը հարկադրուած պիտի ըլլայ դիմելու համապատասխան քայլերու՝ գերնպատակ ունենալով առաջնահերթօրէն ապահովել բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը: Ընդունելով կրակի դադրեցման վերաբերեալ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութեան առաջարկութիւնը՝ Արցախի իշխանութիւնը յայտարարեց, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է՝ առաջինը՝ ժամը 1-ին ամբողջութեամբ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, երկրորդ՝ ռուսական զօրակազմի տեղակայման վայրէն հանել, ինչպէս ձեւակերպած են, «Հայաստանի զինուած ուժերու մնացեալ ստորաբաժանումները», լուծարել եւ ամբողջութեամբ զինաթափել Արցախի պաշտպանութեան բանակը, ինչպէս նաեւ դուրս բերել ծանր զրահասարքերը Լեռնային Ղարաբաղէն՝ զայն արագօրէն ոչնչացնելու նպատակով։ Եւ երրորդ՝ համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան՝ Ատրպէյճանի կողմէ բարձրացուած համարկման, Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ Ղարաբաղի ժողովուրդի կենսագործունէութեան ապահովման հարցերը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ տեղի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ պիտի քննարկուին վաղը՝ ատրպէյճանական Եվլախի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment