Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՀՀ-ի Հետ Կապ Չունեցող Բնագրին Մէջ Հայաստանի Անունը Յիշատակելը Կ’արդարացնէ Իմ Վարկածը. Փաշինեան

ՀՀ-ի Հետ Կապ Չունեցող Բնագրին Մէջ Հայաստանի Անունը Յիշատակելը Կ’արդարացնէ Իմ Վարկածը. Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը համարէ, որ Հայաստանի հետ կապ չունեցող բնագրին մէջ՝ ԼՂ-ի մէջ կրակի դադրեցման վերաբերեալ, Հայաստանի անունը յիշատակելը կ’արդարացնէ վարկածը, գնահատականը առ այն, որ ԼՂ-ի դէմ յարձակման նպատակներէն մէկը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ռազմական գործողութիւններու մէջ ներքաշելն է:

Փաշինեան նման դիրքորոշում յայտնեց ուղիղ եթերով:

Բնագրին մէջ կը յիշատակուի ՀՀ զինուած ուժերը,  կը խօսուի ԼՂ-էն ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումներու դուրսբերման մասին: Սակայն Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է, որ 2021թ Օգոստոսէն ՀՀ-ն ԼՂ-ի մէջ բանակ չունի:

«Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ըստ էութեան կապ չունեցող բնագրում ՀՀ անունը յիշատակելն արդարացնում է երէկուայ իմ այն վարկածը, մօտեցումը, գնահատականը, որ ԼՂ-ի դէմ յարձակման նպատակներից մէկը Հայաստանի Հանրապետութեանը ներքաշելն է ռազմական գործողութիւնների մէջ: Ի հարկէ, ինձ համար գնահատականը մէկն է, որ, եթէ հնարաւոր լինէր ՀՀ-ին ներքաշել ռազմական գործողութիւնների մէջ, դրա խորքային թիրախը պէտք է լինէր ՀՀ անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը», ըսաւ վարչապետը:

Ան յաւելեց, որ ամէն պարագայի, տեղի ունեցածը կ’ընդունին ի գիտութիւն, կը շարունակեն հետեւիլ զարգացումներուն:

Փաշինեան ընդգծեց, որ հիմա ամենակարեւոր հարցը հետեւեալն է, որ ԼՂ հայերու՝ իրենց տուներուն մէջ ապրելու իրաւունքը լիարժէք կերպով ապահովուի Ռուսիոյ կողմէ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան խնդիրին՝ ԼՂ-ի մէջ կրակի դադրեցման յայտարարութեան ծիրին մէջ։

«Տրամաբանօրէն ենթադրւում է, որ եթէ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահները կրակի դադարեցման առաջարկութիւն են արել, դա ինքնին նշանակում է, որ նրանք ամբողջութեամբ եւ առանց որեւէ վերապահումների ընդունել են Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան ապահովման պարտաւորութիւնը, ինչով պէտք է լիարժէք պայմաններ ապահովեն, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հայերի իրաւունքը պահպանեն՝ իրենց տներում, իրենց հողի վրայ ապրելու։ Եւ իմ ընկալումն այն է, որ այս յայտարարութեամբ իրենք ամբողջապէս ստանձնում են պատասխանատուութիւնը», իր ուղերձին մէջ յայտնած է Փաշինեան։

Միեւնոյն ժամանակ վարչապետը նշած է, որ այդ կարծիքին եղած են նաեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ծիրին մէջ, որով Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնը դրուած էր Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ առաքելութեան վրայ։ «Բայց մենք յոյս ունենք, որ նման քայլ անելով Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբն ամբողջութեամբ կը կատարի իր պարտականութիւնները, ինչի հետ կապուած նախորդ շրջանում ունեցել ենք որոշակի վերապահումներ», ըսած է Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment