Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Վարչապետն Ու Պելճիքայի Արտաքին Գործերու Նախարարը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Հայաստանի Վարչապետն Ու Պելճիքայի Արտաքին Գործերու Նախարարը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու Պելճիքայի արտաքին գործերու նախարար Հաճա Լահպիպին այսօր կայացած հանդիպման ընթաքին անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի խորացման:

Վարչապետի աշխատակազմին փոխանցմամբ՝ Փաշինեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն նպատակն է ԼՂ-ի մէջ իրականացնել ցեղային զտում: Ան կարեւորած է ԼՂ-ոի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած հրատապ քննարկումները եւ Ատրպէյճանի քայլերուն նկատմամբ միջազգային գործընկերներու հասցեական արձագանգը: Վարչապետը շեշտած է գործուն քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ Ատրպէյճանի գործելաոճը փոխելու համար, ինչպէս նաեւ կարեւորած է Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած բանակցային գործընթացին մէջ մինչ այժմ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման հարցով հետեւողականութեան անհրաժեշտութիւնը:

Պելճիքայի արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է իր երկրին աջակցութիւնը Եւրոպական Միութեան դիրքորոշման, ըստ որուն՝ Ատրպէյճանը պէտք է ապահովէ Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը եւ իրականացնէ ՄԱԿ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին կողմէ ընդունուած որոշումը:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է տիկին Լահպիպի այցը Հայաստան եւ ողջունած է Պելճիքայի կառավարութեան՝ Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն բանալու որոշումը, ինչ որ պիտի նպաստէ ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ տնտեսական ու մշակութային ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնման:

Հաճա Լահպիպի խօսքով՝ իր այցին նպատակն է նոր լիցք հաղորդել հայ-պելճիքական յարաբերութիւններուն, այդ շարքին՝ տնտեսութեան ու ներդրումներու ոլորտին մէջ: Ան յաւելած է, որ պելճիքացի գործարարներու շրջանակին մէջ առկայ է Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու եւ առեւտրային կապերը խորացնելու մեծ հետաքրքրութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment