Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շարլ Միշէլը Կոչ Ըրած Է Հնարաւորինս Շուտ Երկխօսութիւն Հաստատելու Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

Շարլ Միշէլը Կոչ Ըրած Է Հնարաւորինս Շուտ Երկխօսութիւն Հաստատելու Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

by MassisPost

Եւրոխորհրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը կոչ կ’ընէ հնարաւորինս շուտ երկխօսութիւն կատարելու Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ, այդ շարքին՝ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման շուրջ։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Պրիւքսէլի մէջ եւրոպական աղբիւրը։

«Նախագահ Միշէլ ատրպէյճանական կողմին յայտնած է Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման սուր անհրաժեշտութեան մասին՝ ի կատարումն Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի համապատասխան կարգադրութեան եւ հետագայ մագլցումը կանխելու նպատակով… Միշէլը կոչ կ’ընէ, որ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան համար հանդիպումը կայանայ որքան հնարաւոր է շուտ», ըսած է ան։  Եւրոխորհուրդի ղեկավարը բոլոր կողմերուն կոչ կ’ընէ խուսափելու մարդասիրական հասանելիութեան հարցը քաղաքականացնելէ։

Ան յաւելած է, որ Միշէլը եւ Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը մշտական կապի մէջ են Երեւանի, Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ՝ «իրավիճակի ապաշրջափակման տարբերակները քննարկելու համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment