Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ֆլայ Արնա»ն Դարձած Է Հայաստանի Միակ IOSA Ղեկավարող

«Ֆլայ Արնա»ն Դարձած Է Հայաստանի Միակ IOSA Ղեկավարող

by MassisPost

Հայաստանի ազգային օդային փոխադրութեան ուղիներ «Ֆլայ Արնա» ընկերութիւնը դարձած է IOSA ղեկավարող՝ ստանալով համաշխարհային ճանաչում ունեցող անվտանգութեան հաւատարմագիր։ «Ֆլայ Արնա»ն Հայաստանի մէջ առաջին եւ այս պահին միակ օդանաւային ընկերութիւնն է, որ յաջողութեամբ անցած է Օդային փոխադրութեան միջազգային ընկերակցութեան (IATA) գործառնական անվտանգութեան քննութիւնը (IOSA) եւ ստացած է IOSA վկայական։

Երկու տարի վաւերականութեամբ այս վկայականը տրամադրուած է IATA քննիչներու կողմէ տեղի ունեցած քննութեան արդիւնքներու հիման վրայ, որու ծիրին մէջ մանրակրկիտ ուսումնասիրուած եւ գնահատուած է օդանաւային ընկերութեան քաղաքականութեան, ընթացակարգերու եւ գործունէութեան համապատասխանութիւնը օդագնացութեան համաշխարհային չափանիշերուն:

Մասնաւորապէս՝ թռիչքային գործունէութեան, թռիչքային պիտանիութեան, որակի վերահսկման, օդագնացութեան անվտանգութեան, տեխնիկական սպասարկման, վերգետնեայ սպասարկման ծառայութիւններուն մէջ օգտագործուած ձեռնարկներու համապատասխանելիութիւնը IOSA պահանջներուն եւ անոնց գործնական կիրառումը առօրեայ թռիչքները իրականացնելու ժամանակ։

«Այսօր մեծ հպարտութեամբ ենք նշում, որ «Ֆլայ Արնա»ն ճանաչուել է Հայաստանի ամենաանվտանգ ընկերութիւնը՝ յաջողութեամբ անցնելով օդագնացութեան ոլորտում ամենաբարդ IOSA քննութիւնը։ Այս ձեռքբերումը վկայում է ամիսներ ձգուող խմբային աշխատանքի եւ աշխատանքում գերազանցութեան հասնելու մեր յանձնառությեան մասին։ Մեր ուղեւորների եւ թռիչքային անձնակազմի անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնն առանցքային է մեզ համար, եւ մենք շարունակելու ենք բարձր պահել օդագնացութեան ոլորտում ուղեւորների սպասարկման նշաձողը՝ հաւատարիմ մնալով ազգային օդային փոխադրութեան ուղիներ կոչմանը», նշած է «Ֆլայ Արնա»ի մամուլի խօսնակ Գայիանէ Անտոնեանը:

«Ֆլայ Արնա»ն պիտի շարունակէ բծախնդրօրէն հետեւիլ անվտանգութեան եւ սպասարկման ոլորտին մէջ համաշխարհային ամենաբարձր չափանիշերուն։ Ընկերութիւնը իր հիմնադրման առաջին օրերէն ի վեր մեծ ջանքեր կը ներդնէ Հայաստանի մէջ օդագնացութեան ոլորտի զարգացման գործընթացին մէջ դրական ազդեցութիւն ունենալու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment