Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մարիա Զախարովա. «ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Չի Նպաստեր Հայ-Ատրպէյճանական Խնդիրի Կարգաւորման»

Մարիա Զախարովա. «ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Չի Նպաստեր Հայ-Ատրպէյճանական Խնդիրի Կարգաւորման»

by MassisPost

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ներկայացուցիչը խօսած է նաեւ տարածաշրջանի նկատմամբ ՆԱԹՕ-ի աճող հետաքրքրութեան մասին:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը չի նպաստեր հայ-ատրպէյճանական խնդիրի կարգաւորման: Այդ մասին յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Ի հարկէ, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ որեւէ ներդրման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Ի հարկէ, առաքելութիւնը սահմանային բախումներ կանխելու միջոց չէ դարձած: Այդ ամէնը կը հաստատէ մեր գնահատականը, որ կարգաւորման հիմնական մեխանիզմներէն մէկը պէտք է ըլլայ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման երկկողմ յանձնաժողովին աշխատանքը», ըսած է Զախարովան:

Անոր փոխանցմամբ, Մոսկուան կ’ողջունէ յանձնաժողովի չորրորդ հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է Յուլիս 12-ին, եւ պատրաստ է կողմերուն խորհրդատուական օգնութիւն ցուցաբերելու:

Զախարովան խօսած է նաեւ տարածաշրջանին հանդէպ ՆԱԹՕ-ի աճող հետաքրքրութեան մասին: Անոր փոխանցմամբ, Մոսկուան վստահ է, որ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին միջամտութիւնը պիտի յետաձգէ կարգաւորումը Հարաւային Կովկասի մէջ:

«Ինչ կը վերաբերի Փենթակոնի հետ հայ պաշտօնեաներու շփումներուն, ապա մենք կը տեսնենք, որ ՆԱԹՕ-ի անդամները, ներառեալ Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան, մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Հարաւային Կովկասի նկատմամբ։ Մենք համոզուած ենք, որ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին ներգրաւուածութիւնը պիտի յանգեցնէ տարածաշրջանի ապակայունացման եւ երկար ժամանակով պիտի յետաձգէ յարատեւ խաղաղ կարգաւորումը», յայտնած է Մարիա Զախարովան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment