Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Պարտադիր Պէտք Է Բանայ Լաչինի Միջանցքը․ ՄԻԵԴ-ը Վերահաստատած Է Իր Նախկին Որոշման Կատարման Անհրաժեշտութիւնը

Ատրպէյճանը Պարտադիր Պէտք Է Բանայ Լաչինի Միջանցքը․ ՄԻԵԴ-ը Վերահաստատած Է Իր Նախկին Որոշման Կատարման Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Յուլիս 12-ին Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը՝ ուսումնասիրելով Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու առնչութեամբ Ատրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու ՀՀ կառավարութեան պահանջը՝ որոշած է վերահաստատել իր՝ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ին կայացուցած որոշումը, այն է՝ պարտաւորեցնել Ատրպէյճանին ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները՝ ապահովելու «Լաչինի միջանցքով» Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդ անձերու տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ճանապարհին անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու անվտանգ տեղաշարժը:

Այդ մասին կը յայտնեն Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչին գրասենեակէն։

Սոյն որոշմամբ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը փաստացի վերահաստատած է գործող իրադրութեան պայմաններու մէջ իր 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշման կատարման անհրաժեշտութիւնը եւ այն պէտք է պարտադիր կատարուի Ատրպէյճանի կողմէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment