Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսիան Ատրպէյճանին Խստօրէն Կոչ Կ’ընէ Ապաշրջափակելու Լաչինի Միջանցքը

Ռուսիան Ատրպէյճանին Խստօրէն Կոչ Կ’ընէ Ապաշրջափակելու Լաչինի Միջանցքը

by MassisPost

Ռուսիան խստօրէն կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ շտապ միջոցներ ձեռնարկելու Լաչինի միջանցքը անյապաղ ապաշրջափակելու համար: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը մտահոգիչ համարած է, որ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը կը զարգանայ բացասական ձեւով։

«Մարդասիրական ճգնաժամը երլալով կը խորանայ: Բնակչութիւնը սննդամթերքի, դեղորայքի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սուր պակաս ունի, գործնականին մէջ զրկուած է ելեկտրականութենէն ու կազէն: Սա կրնայ ամենադրամատիկ հետեւանքները բերել Ղարաբաղի հայութեան` շրջանի հասարակ բնակիչներուն համար: Մենք խստօրէն կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանի ղեկավարութեան` շտապ միջոցներ ձեռնարկելոv` Լաչինի միջանցքը անյապաղ ապաշրջափակելու, երկու ուղղութեամբ քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու, բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժը վերսկսելու համար, ինչպէս նաեւ վերականգնելու ելեկտրամատակարարումը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութենէն նաեւ նշած են, որ 2022 թուականի Հոկտեմբերին եւ 2023 թուականի Մայիսին ԵՄ հովանիին ներքոյ տեղի ունեցող հանդիպումներուն Հայաստանը ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս:

«Մենք կը յարգենք Հայաստանի ղեկավարութեան ինքնիշխան որոշումը, բայց այդ արմատապէս փոխած է այն հիմնարար պայմանները, որոնց ներքոյ ստորագրուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին կարգավիճակը: Կը կարծենք, որ այս պայմաններուն մէջ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ճակատագրին պատասխանատուութիւնը պէտք չէ տեղափոխուի երրորդ երկիրներու վրայ: Անհրաժեշտ է անյապաղ սկսիլ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստումը` նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ», նշած են Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն:

Ռուսական կողմը շեշտած է, որ այդ համաձայնագրի անբաժանելի մասը պէտք է ըլլան Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան յուսալի եւ յստակ երաշխիքները, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ պայմանագրերու ամբողջ փաթեթի խիստ կատարումը, այդ շարքին` ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացին մեկնարկը:

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն յաւելած են, որ հաշուի առնելով վերոգրեալը` ռուսական կողմը կը հաստատէ ԼՂ-ի մէջ բնականոն կեանքի վերականգնման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերուն աշխուժօրէն նպաստելու իր վճռականութիւնը: Ռուսիան պատրաստ է մօտ ապագային Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու արտաքին գործերու նախարարներու եռակողմ հանդիպում` քննարկելու ամենաբարձր մակարդակով պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղիները, այդ շարքին` խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցման հարցը` ռուս-ատրպէյճանա-հայկական գագաթաժողովի կազմակերպման հեռանկարով` այդ փաստաթղթի ստորագրման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment