Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախը Չէ Հրաժարած ԱՄՆ Միջնորդութեամբ Պաքուի Հետ Հանդիպումէն. ԱԳ Նախարար

Արցախը Չէ Հրաժարած ԱՄՆ Միջնորդութեամբ Պաքուի Հետ Հանդիպումէն. ԱԳ Նախարար

by MassisPost

«Արցախը չէ հրաժարած անցեալ ամիս ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ երրորդ երկրի մէջ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն։ Այդ մասին նոյնիսկ միջնորդ կողմը չէ յայտարարած», «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսաւ Արցախի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Ղազարեանը, նշելով՝ որպէսզի հանդիպումը կայանայ, անհրաժեշտ է, որ Պաքուն ցոյց տայ, որ պատրաստ է երկխօսութեան:

Սերկէյ Ղազարեան յայտնեց, որ Արցախը տարբեր երկիրներէ եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ պարբերաբար առաջարկներ կը ստանայ Ստեփանակերտ-Պաքու հանդիպում կազմակերպելու համար։ Քննարկումները այս ուղղութեամբ կը շարունակուին:

Ճնշումներու տակ բանակցութիւններ չեն կրնար տեղի ունենալ, ընդգծեց Արցախի արտաքին գործերու նախարարը:

Շաբաթասկիզբին Արցախի խորհրդարանի իշխող «Ազատ Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանը «Ազատութեան» յայտնած էր, որ երրորդ երկրի տարածքին Ստեփանակերտ-Պաքու ուղիղ երկխօսութեան առաջարկ եղած է՝ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ, սակայն հանդիպումը չէ կայացած Ստեփանակերտի մտավախութիւններուն պատճառով:

Սերկէյ Ղազարեան ընդգծեց, որ Արցախեան հակամարտութեան հետ ծանօթ անձեր գիտեն, որ Պաշտպանութեան բանակը տեղի բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովող կարեւորագոյն գործօն է, ինչ որ փաստացի ապացուցուած է բազմաթիւ անգամ։ «Տեսնելով, թէ ինչպէս են թափ առնում ատրպէյճանական կողմի նախայարձակ գործողութիւնները, սադրանքները, յարձակողական հռետորաբանութիւնը, ապա միանաշանակ իրատեսական չէ քննարկել պաշտպանութեան բանակի կամ պետական համակարգի լուծարման հարցը, ինչը որպէս նախապայման յառաջ է քաշում Ատրպէյճանը», նշեց Ղազարեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment