Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մաքրոնը Իր Յայտարարութիւններով Կը Խոչընդոտէ Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Գործընթացը. Ատրպէյճանի ԱԳՆ

Մաքրոնը Իր Յայտարարութիւններով Կը Խոչընդոտէ Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Գործընթացը. Ատրպէյճանի ԱԳՆ

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը արձագանգած է հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ Էմանուէլ Մաքրոնի հնչեցուցած խօսքերուն՝ նշելով, որ Ֆրանսայի նախագահը հակաատրպէյճանական յայտարարութիւններ կ’ընէ եւ հայամէտ քաղաքականութիւն կը վարէ, ինչ որ անընդունելի է:

Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը յաւելած է, թէ, իբր, Մաքրոնը նման յայտարարութիւններով կը խոչընդոտէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացը:

Մարսէյի մէջ հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ նախագահ Մաքրոն վստահեցուցած էր, որ Ֆրանսան վճռական է Հայաստանը եւ Արցախը պաշտպանելու հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment