Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Կառավարութիւնը Իրաւունք Չունի Ընելու Ինչ Որ Կ’ուզէ. Թինի Քօքս

Ատրպէյճանի Կառավարութիւնը Իրաւունք Չունի Ընելու Ինչ Որ Կ’ուզէ. Թինի Քօքս

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի նախագահ Թինի Քօքս Պաքուին կոչ ըրած է հաւատարիմ մնալու ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ բանալու Լաչինի միջանցքը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան օգնութիւն հասցնել:

«Բոլորը կ’ընդունին, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս է, սակայն այդ Ատրպէյճանի կառավարութեան իրաւունք չի տար այդ մարդոց հետ ընելու ինչ որ կ’ուզէ: Լաչինի միջանցքին արգելափակումը լուրջ աղէտի պատճառ կրնայ դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հազարաւոր մարդոց համար, որոնք կախուած են Հայաստանի հետ միջանցքէն: Այն փակուած է, եւ այդ Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններու խախտում է: Վեհաժողովը խստօրէն կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին հետեւելու ստանձնած պարտաւորութիւններուն, վերաբանալու միջանցքը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ օգնութիւն հասցնել Լեռնային Ղարաբաղ», ըսած է ԵԽԽՎ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment