Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 14 Միլիոն Տոլար Կաշառք Ստանալու Մէջ Մեղադրուող Նախկին Նախարարի Գոյքերուն Վրայ Արգելանք Դրուած Է

14 Միլիոն Տոլար Կաշառք Ստանալու Մէջ Մեղադրուող Նախկին Նախարարի Գոյքերուն Վրայ Արգելանք Դրուած Է

by MassisPost

ՀՀ Գործադիր Իշխանութեան ղեկավար աշխատողի՝ նախկին Բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեանի կողմէ առանձնապէս մեծ չափերով՝ 14 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու դէպքին առթիւ քննուած հեռակայ վարոյթով նախաքննութիւնը աւարտած է:

Վարոյթի նիւթերը մեղադրական եզրակացութեամբ 23.06.2023 թուականին յանձնուած են հսկող դատախազին՝ զայն դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ: Հարկ է նշել, որ հեռակայ վարոյթը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ լիարժէք դատաքննութիւն իրականացնելու առանց ամբաստանեալներու ներկայութեան:

Մասնաւորապէս՝ քրէական վարոյթով մեղադրեալներ Արամ Յարութիւնեանը, վերջինիս մտերիմ Գագիկ Կարապետեանը եւ Սուրէն Աւագեանը խուսափած են քննութենէն, եւ առկայ են ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 476-րդ յօդուածով սահմանուած՝ մեղադրեալներու բացակայութեամբ վարոյթը (հեռակայ վարոյթ) իրականացնելու հիմքն ու պայմանները, ուստի ՀՀ Հակափտծաութիւն Կոմիտէի քննիչին կողմէ որոշում կայացուած է անոնց նկատմամբ հեռակայ վարոյթ իրականացնելու մասին:

Արամ Յարութիւնեանի եւ անոր օժանդակած միւս երկու մեղադրեալներուն՝ Սուրէն Աւագեանի ու Գագիկ Կարապետեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը: Անոնց պատկանող 3 տասնեակէ աւելի գոյքի եւ դրամական միջոցներու վրայ արգելանք դրուած է: Մասնաւորապէս՝ արգելադրուած են Ա. Յարութիւնեանին փաստացի պատկանող, Երեւանի մէջ գտնուող՝ Տիգրան Մեծի 4 հասցէի շէնքը, Կ. Ուլնեցիի 50/1 հասցէի տունը, Քանաքեռ-Զէյթուն, Դաւիթ Անյաղթի փողոցի 10/1 շէնքը, Ճ. Պայրոնի ու Ղ. Փարպեցիի փողոցներուն մէջ գտնուող բնակարաններն ու ինքնաշարժի տնակը:

Արգելադրուած են նաեւ Արամ Յարութիւնեանի դրամատնային հաշիւներուն մէջ առկայ՝ 1 միլիոն 704 հազար տոլարի, 11 հազար եւրոյի եւ 350 միլիոն ՀՀ դրամի չափով դրամական միջոցները: Հարկ է նշել, որ հեռակայ վարոյթով դատաքննութեան արդիւնքներով հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի մեղադրական դատավճիռի կայացման պարագային յօգուտ պետութեան բռնագրաւուիլ վերոյիշեալ դրամական միջոցներն ու գոյքը՝ բռնագանձման ենթակայ գումարի չափով:

ՀՀ Հակափտածութեան Կոմիտէին մէջ քննուած քրէական վարոյթով իրականացուած նախաքննութեամբ բացայայտուած է ՀՀ նախկին բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեանի կողմէ 14 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու եւ փողերու լուացման յանցաւոր կառուցուածք, ինչպէս նաեւ փտածութեան բնոյթի այլ չարաշահումներ, որոնց մէջ ներգրաւուած եղած են Ա. Յարութիւնեանի ղեկավարած գերատեսչութեան ենթակայութեամբ գործող ակզմակերպութեան տնօրէնի նախկին տեղակալ Սուրէն Աւագեանը, Սեւանի հոգեբուժարանի նախկին տնօրէն Գագիկ Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ Արամ Յարութիւնեանի մտերիմ այլ անձեր` Արաքս Տիլանեանը, Վիքթոր Մարտիրոսեանն ու Ալեքսան Պետրոսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment