Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2023-ի Յունուար-Մայիսին Հայաստանի Մէջ Տնտեսական Աշխուժութեան Աճը Կազմած Է 12,5%

2023-ի Յունուար-Մայիսին Հայաստանի Մէջ Տնտեսական Աշխուժութեան Աճը Կազմած Է 12,5%

by MassisPost

Հայաստանի մէջ բարձր տնտեսական աշխուժութիւնը կը պահպանուի։ Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2023-ի Յունուար-Մայիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 12,5%։ Ուշագրաւ է, որ 2023-ի Մայիսին 2022-ի Մայիսի նկատմամբ տնտեսական աշխուժութիւնը եղած է 13,7 տոկոս, այսինքն, բարձր աճը արձանագրուած է նախորդ տարուան արդէն բարձր ցուցանիշերուն համեմատ։

Այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն համեմատաբար բարձր աճ արձանագրուած է առեւտուրի շրջանառութեան մէջ՝ 24,5%, ծառայութիւններու ոլորտին մէջ՝ 19,9%, շինարարութեան մէջ` 16,7%: Արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ աճը կազմած է 3%:

Յունուար-Մայիսին արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 86,9%-ով։ Ընդ որում, արտահանումը աճած է 93,3%-ով, իսկ ներմուծումը՝ 83,3%-ով: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին արտաքին առեւտրաշրջանառութեան շարունակաբար աճը մասնագէտները կը բացատրեն դէպի Ռուսաստան վերարտահանման հանգամանքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment