Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուին Կոչ Կ’ընենք Ապաշրջափակելու Լաչինի Միջանցքով Երթեւեկութիւնը, Եւ Յոյս Կը Յայտնենք, Որ Երեւանը Դուրս Չի Գար Եռակողմ Ձեւաչափով Փոխգործակցութենէն․ Զախարովա

Պաքուին Կոչ Կ’ընենք Ապաշրջափակելու Լաչինի Միջանցքով Երթեւեկութիւնը, Եւ Յոյս Կը Յայտնենք, Որ Երեւանը Դուրս Չի Գար Եռակողմ Ձեւաչափով Փոխգործակցութենէն․ Զախարովա

by MassisPost

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Մարիա Զախարովան մեկնաբանած  է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին արգելափակումը։

«Ատրպէյճանական կողմէն Լաչինի միջանցքին մուտքը արգելափակելու առնչութեամբ մենք ուշադրութիւն կը հրաւիրենք այն փաստին վրայ, որ նման գործողութիւնները կը խախտեն Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան դրոյթները։ Նման քայլերը կը յանգեցնեն լարուածութեան աճի եւ չեն նպաստեր Ռուսիոյ օգնութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ բնական մթնոլորտի պահպանման։ Կոչ կ’ընենք Պաքուին ամբողջութեամբ ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը։

Նաեւ յոյս կը յայտնենք, որ Երեւանը դուրս չի գար եռակողմ ձեւաչափով փոխգործակցութենէն։ Գործունէութեան դադարը բացասաբար կ’անդրադառնայ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակին վրայ եւ կը յանգեցնէ սրումի։ Կը նշենք համապատասխան յանձնաժողովի ծիրին մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ կշռութաւոր աշխատանքին կարեւորութիւնը։ Պատրաստ ենք տրամադրելու անհրաժեշտ խորհրդատուական օգնութիւն:

Մենք կը կրկնենք մեր կոչը երկու կողմերուն՝ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի եռակողմ համաձայնագրերուն ամենաբարձր մակարդակով խստօրէն պահպանելու կարեւորութեան, Լաչինի միջանցքի տարածքին անվտանգութեան ապահովման համար զսպուածութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցման վերաբերեալ։

Ռուսական կողմը պիտի շարունակէ աշխոյժ ջանքեր գործադրել իրավիճակը Պաքուի եւ Երեւանի հետ շփումներուն մէջ կարգաւորելու ուղղութեամբ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment