Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Բացայայտումները Եւ Ընդդիմադրութիւնը

Փաշինեանի Բացայայտումները Եւ Ընդդիմադրութիւնը

by MassisPost

Յունիս 20-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի դռնբաց նիստը, որուն վկայութիւն տալու համար հրաւիրուած էր  Նիկոլ Փաշինեանը: Իր գրաւոր ելոյթին մէջ վարչապետը անդրադարձաւ վերջին 25 տարիներու ընթացքին ղարաբաղեան հարցին շուրջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու տարբեր հանգրուաններուն՝ հասնելու համար  44-օրեայ պատերազմին, անոր  ընթացքին եւ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած եռակողմ համաձայնութեան:

Փաշինեանի ելոյթի ամենէն ուշագրաւ բաժինները կը վերաբերէին զինադադարի շուրջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն եւ Ատրպէյճանի նախապայմաններուն, որոնք, ընդունուելու պարագային, կրնային շատ աւելի աննպաստ ըլլալ Հայաստանի համար, քանի որ հոն կային Մեղրիով անցնող միջանցքի եւ Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող անկլաւներու վերադարձի մասին կէտեր:

Այս պայմանները ներկայացուած են Հոկտեմբեր 19-ին կայացած զինադադարի բանակցութիւններուն ընթացքին, որուն մասին յաճախ կը խօսի ընդդիմադրութիւնը՝ մեղադրելով Փաշինեանը, որ մերժած է աւելի կանուխ կանգնեցնել պատերազմը: Հակադարձելով այդ մեղադրանքին Փաշինեան յայտնեց, որ այդ թուականի զինադադարի պայմաններուն մէջ կային  նաեւ Շուշիի նախկին բնակիչներու վերադարձը իրենց տուները՝ կազմելով բնակչութեան 95 տոկոսը եւ քաղաքը Ատրպէյճանին կապող նոր ճանապարհի կառուցումը, ինչ որ պիտի նշանակէր Ազերի բանակի մուտքը Շուշի՝  գործնականօրէն քաղաքը իր հսկողութեան տակ վերցնելով:

Վարչապետի կարեւոր բացայայտումներու շարքին էր նաեւ այն, որ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան բանակի ղեկավարութիւնը սխալ տեղեկութիւններ հաղորդած են իրեն, որոնց շարքին  զեկուցելով որ, Շուշիի մէկ մասը տակաւին կը գտնուի  Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի հսկողութեան տակ:

Փաշինեան իր ելոյթին մէջ իրաւացիօրէն մեղադրեց Ռոբերտ Քոչարեանը, որ իր իշխանութիւնը ամրապնդելու համար ԼՂ միջազգայնօրէն ճանաչուած միակ կարգավիճակը զոհեց, երբ Ղարաբաղի ներկայացուցիչները դուրս մղուեցան բանակցային սեղանէն ու այդ նոյն միջազգային կառոյցներուն համար հարցը վերածուեցաւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հողային վէճի:

Վարչապետի այս բացայայտումներէն ետք դժուար թէ ընդդիմութիւնը, որ կը բացակայէր այս լսումէն, վերատեսութեան ենթարկէ իր հռետորաբանութիւնը: Այլ  դրամագլուխ չունենալով  անոնք պիտի շարունակեն խօսիլ դաւաճանութեան մասին, երբ մեծագոյն դաւաճանները անոնք են« որոնք 20 տարի գտնուելով իշխանութեան վրայ« անտեսեցին Ատրպէյճանի հետ քայլ պահելու  եւ բանակը նոր զինատեսակներով օժտելու հարցը« միաժամանակ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութենէն ներս ներմուծելով իրենց գլխաւորած համակարգի արատաւոր երեւոյթները:

«2018-2020 թթ 44-օրյայ պատերազմի մեկնարկը, այսինքն՝ 2 տարի 4 ամսում, Հայաստանի կառավարութիւնը սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի ձեռքբերման համար ծախսել է շուրջ 608 մլրդ դրամ: Համեմատութեան համար ասեմ, որ 2008թ Յունուարի 1-ից մինչեւ 2018 թուականի Մայիսը, այսինքն՝ 10 տարի 4 ամսում, Հայաստանի նախորդ կառավարութիւններն  այդ նպատակի համար ծախսել են 354 մլրդ դրամ: Այսինքն՝ մենք 2 տարում իրականացրել ենք 10 տարուայ ձեռքբերումների գրեթէ կրկնակին՚,- ըսաւ վարչապետը: Այս մասին խօսուած ու գրուած է բազմաթիւ անգամներ սակայն ո՛չ Քոչարեանըՙ  ո՛չ Սերժ Սարգսեանը եւ կամ իրենց ներկայացուցիչները չեն հերքած կամ հակաճառած, քանի որ թիւերն ու թուանշանները չեն ստեր ու արձանագրուած են  միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններուն կողմէ:

Վարչապետի մասնակցութեամբ լսումները պիտի շարունակուին յաջորդ շաբաթ ու Փաշինեան պիտի սկսի պատասխանել քննիչ յանձնաժողովի անդամներու հարցերուն: Լաւ կÿըլլայ որ յանձնաժողովի ընդդիմադիր անդամները ներկայանան այդ նիստին ու իրենց հարցերը հոն բարձրացնենՙ որպէսզի ժողովուրդը իմանայ իւրաքանչիւրի պատասխանատուութեան բաժինը եւ որոշէՙ թէ ու՞ր կը կայանայ  ճշմարտութիւնը՝ 44-օրեայ պատերազմին Հայութեան կրած պարտութեան մասին:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment