Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Հայաստանի Դիմագրաւած Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Արցախի Անվտանգութիւնն Է Ու Հայաթափումը Կանխելը», Յայտարարե ՍԴՀԿ Ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը

«Հայաստանի Դիմագրաւած Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Արցախի Անվտանգութիւնն Է Ու Հայաթափումը Կանխելը», Յայտարարե ՍԴՀԿ Ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Քաղաքական Դիւանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում-քննարկում ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի հետ:

Հայաստան` «մարտահրաւէրներ, վտանգներ եւ հեռանկարներ» խորագրին տակ միջոցառումը կայացաւ Հինգշաբթի, Յունիս 1-ի երեկոյեան, Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի կեդրոնի սրահէն ներս:

Քննարկումը վարող` «Մասիս» Շաբաթաթերթի խմբագիր` Ընկ. Գրիգոր Խոտանեան նախ  ներկայացուց Ընկ. Սարաֆեանի կենսագրական ամփոփ գիծերը եւ ապա տեղի ունեցաւ քննարկում` հարց ու պատասխանի ձեւաչափով, որուն մասնակցեցան նաեւ ներկաները:

Խօսելով օրուայ գլխաւոր թեմայի մասին ՍԴՀԿ ատենապետը ըսաւ.- «Հայաստանի դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը իր տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելը եւ Արցախահայութեան անվտանգութիւնն ու հայաթափումը կանխելն է, որ աւելի կը բարդանայ Ուքրանիոյ պատերազմի հետեւանքով` Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններու խիստ վատթարացման լոյսին տակ, որ իր անմիջական անդրադարձը կ’ունենայ մեր տարածաշրջանէն ներս: Այս իրավիճակին մէջ շատ աւելի կը կարեւորուի այդ շահերու բախման կիզակէտէն որքան հնարաւոր է հեռու պահել երկիրը` վարելով իրապաշտ, կշռադատուած եւ բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն, ինչին այսօր մենք ականատես ենք: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան համար մեծ սպառնալիք է անշուշտ «Զանգեզուրեանՙ միջանցքի հարցի արծարծումը: Ու հակառակ այն հանգամանքին, որ Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ այդ հարցը քննարկման ենթակայ չէ, հարցը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ, որովհետեւ այդ մէկը կը բխի ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Ռուսաստանի շահերէն: Մեծագոյն վտանգը անշուշտ պատերազմն է, որ կրնայ հրահրուիլ ոչ անպայման Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ»:

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու մասին հարցին պատասխանելով Ընկ. Սարաֆեան  յայտնեց, որ խաղաղութեան օրակարգը իսկապէս այլընտրանք չունի: «Անշուշտ այդ չի նշանակէր, որ պիտի դիւրին ըլլայ եւ խաղաղութեան հասնելու պայմանները ամբողջովին ընդունելի պիտի ըլլան, սակայն որեւէ այլ մօտեցում աւելի հաւանական կը դարձնէ զինուորական մագլցումը: Այնուամենայնիւ, չի բացառուիր, որ խաղաղութեան միտուած բոլոր ջանքերը ձախողին եւ  պատերազմը վերսկսի, սակայն մենք պէտք է խուսափինք, որեւէ կեցուածք որդեգրելէ, որ ուղղակի կամ անուղղակիի կերպով կը նպաստէ իրավիճակի սրացման: «Si vis pacem, para bellum»`  եթէ կ’ուզես խաղաղութիւն, պատրաստուիր պատերազմի: Մենք պէտք է հետեւողական ըլլանք մեր կառուցողական կեցուածքին մէջ, միաժամանակ տասնապատկելով ջանքերը` արդիականացնելու հայոց բանակը, բարձրացնելու անոր մարտունակութիւնը եւ սպառազինելու զայն ամենաարդիական ռազմատեսակներով: Մէկ խօսքով, խուսափինք պատերազմէն ամէն գնով, բայց պատրաստ ըլլանք եթէ ան պարտադրուի մեզի: Միւս կողմէ, շատ դիւրին է արմատական եւ անզիջող դիրք  բռնելը, մանաւանդ երբ որոշման պատասխանատուութիւնը քուկդ չէ: Սակայն խիզախութիւնը արմատական ըլլալը չէ, այլ դժուարին եւ անբաղցալի որոշումներ առնելն է, քաջ գիտակցելով, որ գալիք ծանր քննադատութեան եւ պիտակաւորման ալիքը: Ահա այս էր հիմնական պատճառներէն մէկը, որ նախկին իշխանութիւնները համարձակութիւնը չունեցան լուծման միտող քայլեր առնելու, որ ձեւով մը հասցուց մեզ այս օրուան»:

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Ընկ. Սարաֆեան ըսաւ թէ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհրաժեշտութիւն է եւ որպէս դրացի երկիրներ կանխատեսելի յարաբերութիւնը միայն օգտակար կրնայ ըլլալ երկուստեք: «Մենք պէտք է վերլուծենք եւ հասկնանք յարաբերութիւններու հաւանական վերահաստատման եւ սահմանի բացման ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հնարաւորութիւնները եւ վտանգները: Յստակ է, որ Թուրքիոյ համար Հայաստանի հետ սահմանի բացման գլխաւոր ակնկալութիւնը տնտեսական է` Հայաստանի վրայով ուղղակի կապ հաստատելու միջին ասիական շուկաներու հետ: Փոխադարձաբար, Հայաստանի համար ծովային ելք կը բացուի Տրապիզոնի նաւահանգիստով եւ ուղիղ ցամաքային կապ արաբական շուկայի հետ: Անշուշտ այդ ամէնը չի նշանակէր, որ մեր պահանջատիրութիւնը կը մոռցուի կամ կ’անտեսուի: Մենք կը մնանք յանձնառու, սակայն նաեւ գիտակից առաջնահերթութիւններուն, որ այս պարագային Հայաստան պետութեան զարգացումն ու բարգաւաճումն է», շեշտեց Ընկ. Սարաֆեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment