Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի վարիչ Տնօրէն` Հայկակ Արշամեանի Մամլոյ Ասուլիսը` Լոս Անճելըսի Մէջ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի վարիչ Տնօրէն` Հայկակ Արշամեանի Մամլոյ Ասուլիսը` Լոս Անճելըսի Մէջ

by MassisPost

Երկուշաբթի.  Յունիս 5-ին,  Հայաստանի Հանրապետութեան Կլէնտէլի հիւպատոսարանէն ներս  տեղի ունեցաւ  մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Հայաստան»  Համահայկական Հիմնադրամի վարիչ Տնօրէն` Պր. Հայկակ Արշամեան:

Ներկայ էին ԼոսԱնճէլոսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները:

Առաջին հերթին Պր. Արշամեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց Հիմնադրամի նպատակը` իր ծնած օրէն եւ  անոր պատկան մարմինները, կազմակերպութիւնները եւ հոգաբարձութիւնը:

«Հ.Հ. Հիմնադրամի բուն նպատակը միշտ ալ եղած է օգնել եւ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանին եւ Արցախին», շեշտեց ան:

Վերջին տարիներու բոլոր տարաձայնութիւններուն եւ աւելորդաբանութեանց մասին  Պր. Արշամեան մանրամասն կերպով լուսաբանութիւններ ներկայացուց եւ շատ սպասուած հաշուեքննիչ պալատի կողմէ եզրակացութեան մասին լայն բացատրութիւններ տուաւ, որոնք առնչուած էին պատերազմի ընթացքին հաւաքուած գումարէն 107 միլիոն տոլար Հայաստանի պետական  պիւտճէ փոխանցման մասին:

Ան յայտնեց թէ շեղումներ չեն եղած այդ գումարներու գործածման մէջ եւ տրամադրուած են հետեւեալ նպատակներուն.-

Արցախի տեղահանուած հայութեան, Արցախի կառավարութեան` ընկերային կարիքներուն, զինծառայողներու ընտանիքներուն,  առողջապահական հսկայ ծախսերուն եւ նաեւ զոհուածներու զաւակներուն մնայուն  կրթաթոշակներուն:

Հիմնադրամի Տնօրէնը մանրամասն ներկայացուց այս բոլոր ծախսերուն  եւ գումարներուն բաժանումը:

Թղթակիցներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ  լուրջ հարցադրումներ եղան Պր. Արշամեանին,  որոնց ան պատասխանեց մեծ պատասխանատուութեամբ:

Ողջունելի նկատուեցաւ սոյն մամլոյ ասուլիսը, քիչ մը ուշացումով բայց շատ կենսական: «Հայաստան» Հիմնադրամը պէտք է ստանայ իր ժողովուրդին ամբողջական վստահութիւնը, մանաւանդ երբ ան ստեղծուած է  հայ ժողովուրդին եւ Հայրենիքին համար: Անոր կայունութիւնը եւ յարատեւութիւնը չի կրնար խաթարուիլ:

Պէտք է միշտ թափանցիկ ըլլալ եւ աշխատանքային յստակ ծրագիրներով ներկայանալ` խնայելու համար բոլոր  տեսանելի եւ անտեսանելի խնդիրները, ինչպէս նշեց նաեւ  Պր. Հայկակ Արշամեան:

Թղթակից

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment