Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Վարչապետները Բանակցութիւններ Վարած Են Սոչիի Մէջ

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Վարչապետները Բանակցութիւններ Վարած Են Սոչիի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի ու Ռուսիոյ վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանն ու Միխայիլ Միշուսթինը Սոչիի մէջ բանակցութիւններ վարած են:

Հանդիպման սկիզբը Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավարը Նիկոլ Փաշինեանին, ինչպէս նաեւ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատրեանին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ողջոյնները:

«Մենք անկեղծօրէն կը գնահատենք մեր եղբայրական յարաբերութիւնները, անոնք ռազմավարական եւ դաշնակցային բնոյթ կը կրեն», ընդգծած է Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավարը:

Նիկոլ Փաշինեան, իր հերթին, բարձր գնահատած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման աշխուժութիւնը եւ, մասնաւորապէս, գործարար համագործակցութիւնը: Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է փոխադարձ առեւտուրի եւ ներդրումային աշխուժութեան աճին վրայ:

«Մենք շատ լաւ ընթացք ունինք, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ ռուսական առեւտուրը Հայաստանի մէջ լաւ վիճակի մէջ է: Նախորդ տարի մենք քննարկած ենք, թէ ինչպէս կարելի է աշխուժացնել տնտեսական կապերը, եւ նայելով արդիւնքներուն` ես կ’արձանագրեմ, որ այն, ինչի մասին մենք խօսած ենք, մեծ մասամբ կեանքի կոչուած է», արձանագրած է Միշուսթին:

Սոչիի մէջ կ’ընթանայ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի եւ ԱՊՀ կառավարութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդի նիստը:

Միխայիլ Միշուսթին նշած է Միջկառավարական Յանձնաժողովի արդիւնաւէտ աշխատանքը, որուն շնորհիւ կ’ընդլայնի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գործընկերութիւնը:

Ռուսիա շահագրգռուած է նոր համատեղ նախագիծեր սկսիլ ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, թուայնացման եւ գիւղատնտեսութեան արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ, ըսած է Ռուսիոյ վարչապետը:

Ան նաեւ շեշտած է, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան` համակարգուած աշխատանք կը տարուի Անդրկովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ, կը ստեղծուին ենթակառուցուածքային նոր ուղիներ:

Հայաստանի վարչապետը նշած է այն շօշափելիյ առաջընթացը, որ, իր կարծիքով, ձեռք բերուած է վերջին հանդիպման ժամանակ: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նման աշխատանքը եւ իրականացնելու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment