Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանային Գիծէն Զօրքերու Հայելային Ետքաշումը Եւ Սահմանագիծի Ապառազմականացումը Կը Դառնայ Հրատապ. Փաշինեան

Սահմանային Գիծէն Զօրքերու Հայելային Ետքաշումը Եւ Սահմանագիծի Ապառազմականացումը Կը Դառնայ Հրատապ. Փաշինեան

by MassisPost

«Ի հեճուկս բանակցութիւններում որոշակի յառաջընթացի` Ատրպէյճանը շարունակում է մագլցողական քաղաքականութիւն վարել Հայաստանի հետ սահմանին: Նախորդ օրերին մեր սահմաններին հնչել են կրակոցներ, եւ ունեցել ենք զոհեր», կառավարութեան հերթական նիստին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը, գլուխ խոնարհելով զոհուածներուն առջեւ, ընդգծեց. «Առաւել եւս Մայիսի 14-ի պայմանաւորուածութիւնների լոյսի տակ աւելի հրատապ է դառնում սահմանային գծից զօրքերի հայելային ետքաշումը եւ սահմանագծի ապառազմականացումը: Եւ մենք այս օրակարգը շարունակելու ենք ընդգծել»:

Ինչպէս նշեց Նիկոլ Փաշինեանը, Ատրպէյճանի մագլցողական քաղաքականութեան եւս մէկ դրսեւորում է Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակումը, ինչ որ եւս մէկ անգամ ակներեւ կը դարձնէ ԼՂ-ի մէջ եւ Լաչինի միջանցքին միջազգային ներկայութեան օրինական անհրաժեշտութիւնը. «Մենք այս թեման քննարկում ենք մեր բոլոր միջազգային գործընկերների հետ»:

«Մայիսի 14-ին մենք կատարեցինք եւս մի քայլ եւ, ինչպէս նշուած է ԵՄ Խորհրդի նախագահի այդ հանդիպմանը հետեւած յայտարարութեան մէջ, արձանագրեցինք, որ Ատրպէյճանը ճանաչում է Հայաստանի 29.800 քառ. քմ, իսկ Հայաստանը` Ատրպէյճանի 86.600 քառ. քմ տարածքային ամբողջականութիւնը», յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` անդրադառնալով Մայիս 14-ին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ հանդիպման:

Վարչապետին խօսքով` սա կարեւոր քայլ է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար, Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի վերջնականացման ու սահմաններու սահմանազատման առումով եւս:

«Յաջորդ քայլը, ի հարկէ, պէտք է լինի սահմանազատման համար իրաւական ուժ եւ նշանակութիւն ունեցող յստակ հիմքերի նոյնականացումը եւ համաձայնեցումը, նշեց Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը յատուկ ընդգծեց, որ ԵՄ Խորհուրդի նախագահի` Մայիս 14-ի եռակողմ հանդիպման յաջորդած յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է ԼՂ հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան շուրջ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը միջազգային հանրութեան հետ համագործակցուած. «Դա մեծապէս կ’արագացնի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»:

Ինչպէս նշեց Նիկոլ Փաշինեան, Պրիւքսէլի մէջ որոշակի դրական ըմբռնում ձեւաւորուած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան երկաթուղիի վերականգնման մասով. «Հաշուի առնելով նախկին փորձը` այս մասով որեւէ յստակացումից ձեռնպահ կը մնամ»:

Վարչապետը նշեց, որ գերիներու եւ այլ պահուող անձերու հետագայ ազատ արձակման, անհետ կորսուածներու ճակատագրերու պարզաբանման վերաբերեալ եղած է որոշակի ըմբռնում, սակայն հաշուի առնելով հարցին գերզգայուն ըլլալը` այս թեմայով քննարկումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ հանդիպումներու ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment