Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Բնակիչները Բախուած Են Ամբողջական Շրջափակման, Մինչ Աշխարհը Կեդրոնացած Է Ուքրանիոյ Վրայ. Freedom House

Ղարաբաղի Բնակիչները Բախուած Են Ամբողջական Շրջափակման, Մինչ Աշխարհը Կեդրոնացած Է Ուքրանիոյ Վրայ. Freedom House

by MassisPost

Աշխարհի ժողովրդավարական երկիրներէն շատերըկը  համախմբուին` ընդդիմանալու Մոսկուայի Ուքրանիա ներխուժման դէմ, սակայն անոնք պէտք չէ մոռնան, որ այլ, նմանատիպ անարդարութիւններ կը ծաւալին նաեւ այլ վայրերու մէջ, օրինակ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, կը յայտարարէ «Freedom House»-ը:

«Ժողովրդավարական երկիրները պէտք է ուղղակի մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերեն հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան` անոնց տառապանքը մեղմելու համար», գրած է միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Անդրանիկ Շիրինեանը` անոնց կոչ ընելով ազդելու միջազգային կառոյցներու` ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին վրայ` օգնելու իրագործել Լաչինի ապաշրջափակման հարցով Միջազգային Դատարանին որոշումները:

Գործնականիիին մէջ նման գործողութիւնները կրնան նաեւ ետ պահել Պաքուն Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքով ռազմական սրացումները օգտագործելէ` Երեւանի հետ իր բանակցութիւններուն մէջ տարածքային զիջումներ ձեռք բերելու համար, նշուած է յօդուածին մէջ:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը նկատէ նաեւ, որ ժողովրդավարական երկիրները արդէն իսկ արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնը Պաքուի գործողութիւններուն հետեւանքով մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ, Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Ատրպէյճանին յանձնարարած է «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները»` ապահովելու մարդոց, ինքնաշարժներու եւ բեռնատարներու անխոչընդոտ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով, սակայն Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, որ յայտնի է միջազգային տարբեր մեխանիզմներու անտեսմամբ, հերթական անգամ այդ կ’ընէ:

«Freedom House»-ը կը յաւելէ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը սովորաբար հանդուրժող չէ քաղաքացիական հասարակութեան անկախ խումբերու նկատմամբ եւ բռնութեամբ կը ցրէ չարտօնուած բողոքի ցոյցերը: Միաժամանակ կը նշէ, որ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին վարչակազմին հետ կապուած խումբ մը «բնապահպաններ» են, որ արգելափակեցին երթեւեկութիւնը Լաչինի միջանցքով, իսկ արդէն այս տարուան Ապրիլ 23-ին` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան ընդառաջ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սկսան միջանցքին պաշտօնական անցակէտեր տեղադրել:

Այս քայլը քննադատութեան արժանացած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան, Եւրոմիութեան եւ այլ երկիրներու եւ կառոյցներու կողմէ:

Միաժամանակ, կառոյցը նաեւ կը գրո, որ Ռուսիան, որուն խաղաղապահ առաքելութիւնը, որ պատասխանատու էր Լաչինի միջանցքով անխափան երթեւեկութեան համար, հազիւ արձագանգած է Պաքուի կողմէ զինադադարի մասին յայտարարութեան կրկնակի խախտումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment