Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Ատրպէյճանի Ներքին Գործը Չէ»․ Արցախի ԱԳ Նախարարը` Ատրպէյճանի Նախագահին

«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Ատրպէյճանի Ներքին Գործը Չէ»․ Արցախի ԱԳ Նախարարը` Ատրպէյճանի Նախագահին

by MassisPost

Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը երբեք չէ դիտարկուած որպէս Ատրպէյճանի ներքին գործ` ոչ ԽՍՀՄ գոյութեան, ոչ ալ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ անկախ պետութիւններու ձեւաւորման հետագայ ժամանակաշրջանին, «Արցախփրես»ի հետ զրոյցին յայտնած է Արցախի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Ղազարեանը` հակադարձելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:

Ապրիլ 18-ին ատրպէյճանական պետական հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին Ալիեւը նախ յիշեցուցած է, որ «Երեւանը Փրակի մէջ պաշտօնապէս ճանչցած է» Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա վերստին պնդած, թէ Ղարաբաղը իրենց «ներքին խնդիրն է»:

Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անկախացումէն յետոյ միջազգային հանրութիւնը ստեղծած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման յատուկ մեխանիզմ` Մինսքի գործընթացը, Ալիեւին յիշեցուցած է Ղազարեանը` նկատելով` Արցախի վերջնական քաղաքական կարգավիճակը որոշելու համար միջազգային ձեւաչափ ստեղծելու որոշումը կը վկայէ այն մասին, որ միջազգային հանրութիւնը Արցախը չէ ճանչցած որպէս անկախ Ատրպէյճանի մաս, իսկ Մինսքի գործընթացին մասնակցելու Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը, ըստ արտաքին գործերու նախարարին, նոյնպէս ճանաչումն է այն փաստին, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը Ատրպէյճանի ներքին գործը չէ:

Արցախի արտաքին գործերու նախարարը կրկին ընդգծած է հայկական կողմին դիրքորոշումը` ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը նախեւառաջ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, եւ առաջին հերթին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի խնդիր է:

«Այս առումով, միջազգային, այդ թւում` Ատրպէյճան պետութեան ստանձնած պարտաւորութիւնների համաձայն, մարդու իրաւունքների եւ ազատութիւնների հիմնախնդիրներն ուղղակի եւ օրինական հետաքրքրութիւն են ներկայացնում բոլոր պետութիւնների համար եւ չեն հանդիսանում բացառապէս որեւէ պետութեան ներքին գործը», ըսած է Ղազարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment