Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Շքեղ Ճաշկերոյթի Մը Ընթացքին ՀԲԸՄ Պատուեց Նոպէլեան Մրցանակակիր՝ Արտեմ Փաթափութեանը

Շքեղ Ճաշկերոյթի Մը Ընթացքին ՀԲԸՄ Պատուեց Նոպէլեան Մրցանակակիր՝ Արտեմ Փաթափութեանը

by MassisPost

Շաբաթ, Ապրիլ 15-ին, Պէվըրլի Հիլզի «Ուիլշըր» հիւրանոցէն ներս տեղի ունեցած շքեղ ճաշկերոյթի մը ընթացին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) պատուեց Նոպէլեան Մրցանակի արժանացած առաջին հայ գիտնական՝ Արտեմ Փաթափութեանը:

Աւելի քան 700 հոգիներու ներկայութեան, որոնց շարքին Ամերիկեան քաղաքական անձնաւորութիւններ, հայկական կազմակերպութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, ՀԲԸՄ-ի բարերարներ եւ համակիրներ, տեղի ունեցած երեկոն սկսաւ ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի երգչախումբին  կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներու կատարմամբ:  Ապա, բացման խօսքերով հանդէս եկան օրուայ հանդիսավարներ՝ Թամար Սինանեան-Նաաման եւ իրաւաբան Արա Պալիքեան:

Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտերեան կատարեց բացման աղօթքը, որուն յաջորդեց  տարբեր երկիրներու մէջ ՀԲԸՄ-ի իրականացուցած մարդասիրական աշխատանքներուն նուիրուած տեսաերիզի ցուցադրութիւնը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ բարերար Երուանդ Տէմիրճեանը:

Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Յովնան Սրբազանի կողմէ ընթերցուած՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը, որով Դոքթ. Փաթափութեանին կը շնորհուէր Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանը:

Յովնան Արք. Տէրտէրեան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով կը զարդարէ Արտեմ Փաթափուեանի լամբակը (photo by Arka Photography)

Երեկոյի ընթացքին ՀԲԸՄ-ի նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեան Արտեմ Փաթափութեանի ծնողներուն՝ Սարգիս եւ Ազատուհի Փաթափութեաններուն յանձնեց գնահատագիրեր, անոնց ունեցած գրական եւ կրթական երկարամեայ վաստակին համար՝ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններէն ներս:

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Դոկտ. Երուանդ Զորեան ներկայացուց պատուի արժանացող գիտնականը, որ կը հանդիսանայ ՀԲԸՄ-ի պարծանքը, որպէս կազմակերպութեան դպրոցներէն ու մարզական խումբերէն ներս հասակ նետած պատանի ու երիտասարդ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բերումով՝  ծնողներուն հետ գաղթած է Ամերիկա՝ հասնելով բարձունքներու:

Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը նուիրուած Արտեմ Փաթաեութեանի կեանքին ու գործունէութեան:

ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան ելոյթ ունենալով ըսաւ թէ, ՀԲԸՄ-ի համաշխարհային ընտանիքին կողմէ եւ անկէ անդին, մեծ հպարտութեամբ եւ գոհունակութեամբ կը շնորհաւորէ 2021-ի բժշկութեան մէջ Նոպէլեան մրցանակի արժանացած մեծարեալին:

«Այսօր, կը նշենք ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 117-րդ ամեակը եւ անոր առաքելութիւնը՝ նպաստելու Հայութեան բարգաւաճման եւ համայնքներու մնայուն յառաջդիմութեան՝ ներդրում կատարելով  անոնց առաքինի եւ մտաւորական զարգացման ուղղութեամբ: Դոկտ. Փաթափութեան քու իրագործումովդ նշաձողը բարձրացուցիր մեր նպատակներուն համար», իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ  ՀԲԸՄ-ի նախագահը:

Բեմ  բարձրանալով բարերար Վաչէ Մանուկեան եւ Պերճ Սեդրակեան օրուայ մեծարեալին յանձնեցին յատուկ յուշանուէր, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Դոկտ. Փաթափութեան: Ան իր խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով իր ծնողքներուն տրուած գնահատանքին համար եւ ըսաւ որ, անոնք եղած են զինքը քաջալերողները, իր կեանքի ասպարէզի ընտրութեան ընթացքին:

Նոպէլեան մրցանակակիրը անդրադարձաւ Հայաստան իր կատարած այցելութեան եւ հոն իր նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքին, որ իր մօտ առաւել եւս ամրապնդեցին հայրենասիրական ոգին:

«Հայաստան քարիւղ չունի, բայց ունի մարդկային ներուժ, որոնք էական են Հայաստանի տնտեսական զարգացման համար, այդպիսով երկիրը պիտի դառնայ ուժեղ եւ բարգաւաճ», իր խօսքի աւարտին ըսաւ Արտեմ Փաթափութեան, կոչ ընելով ներկաներուն թիկունք կանգնելու ՀԲԸՄ-ին եւ այլ կազմակերպութիւններու, որոնք շեշտը կը դնեն ուսման վրայ:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժնի աւատին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ Լիբանանահայ յայտնի երգահան Կի Մանուկեան, ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment