Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Լայնածաւալ Նոր Ռազմական Գործողութիւններու Պիտի Չերթայ, Իրանը Հակամարտութեան Մէջ Ուղիղ Պիտի Չներգրաւուի. «Սթրաթֆոր»

Ատրպէյճանը Լայնածաւալ Նոր Ռազմական Գործողութիւններու Պիտի Չերթայ, Իրանը Հակամարտութեան Մէջ Ուղիղ Պիտի Չներգրաւուի. «Սթրաթֆոր»

by MassisPost

Ըստ «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնի զեկոյցին` Ատրպէյճանը Ղարաբաղի մէջ կամ Հայաստանի սահմաններուն լայնածաւալ նոր ռազմական գործողութիւններու պիտի չերթայ, քանի որ իր նպատակներուն կը հասնի փոքր քայերով, իսկ Իրանը, չնայած մտահոգուած է առեւտրային ուղիներ կորսնցնելու հեռանկարէն, հակամարտութեան մէջ ուղիղ պիտի չներգրաւուի:

Նման եզրակացութիւններու յանգելու համար «Սթրաթֆոր»ի վերլուծաբանները շարք մը հանգամանքներ կը նշեն:

Առաջինը` անոնք կը նշեն բանակցային գործընթացին փաստացի դադարը: Քանի որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները կանգ առած են, աւելի հաւանական կը դառնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կամ հայ-ատրպէյճանական ընդհանուր սահմանին բռնութիւններու բռնկումները, բայց «Ատրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւն կամ հակամարտութեան Իրանի ուղիղ միջամտութիւնը կը մնայ քիչ հաւակական», կը գտնեն վերլուծաբանները` գնահատելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրացման վտանգները:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններուն Ատրպէյճանի գործողութիւնները եւ Երեւանի զգուշացումները անոնք կը համարեն երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան աճի վերջին նշաններ, գտնելով որ 2020-ին ձեռք բերուած զինադադարի ապահովումը կարծես չի գործեր:

«Քանի դեռ բանակցութիւնները կանգ առած են, Ատրպէյճանը աւելի հաւանական է, որ դիմէ զինադադարի փոքր մասշտաբներու խախտումներու` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտավարական շահաւէտ դիրքեր գրաւելու, կամ հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով նմանատիպ գործողութիւններ կատարելու համար», կը գրեն «Սթրաթֆոր»ի վերլուծաբանները:

«2020-ի Նոյեմբերին կրակի դադրեցման համաձայնագիրը ստորագրելէն ի վեր Պաքուն բազմիցս կիրառած է այդ ռազմավարութիւնը` ստիպողաբար յառաջ մղելով դիւանագիտական գործընթացը, միաժամանակ ցուցադրելով ու մեծցնելով իր ազդեցութեան լծակները: Լայնածաւալ ռազմական գործողութիւն Ղարաբաղի մէջ կամ Հայաստանի սահմանին Ատրպէյճանը դժուար թէ սկսի, որովհետեւ աւելի քիչ ծախսատար մեթոտները Պաքուին կրնան հնարաւորութիւն տալ պահպանելու յառաջընթացը իր նպատակներուն հասնելու համար:

Ամէն անգամ, երբ ատրպէյճանական ուժերը յառաջընթաց կ’ունենան, այդ կը բարելաւէ անոնց մարտավարական դիրքերը, նոյնիսկ եթէ տարածքային այդ յառաջխաղացումը քանի մը մեթր է: Այդ մանովրները նաեւ կը մեծցնեն Ատրպէյճանի կառավարութեան բանակցային դիրքերը», կը նշեն «Սթրաթֆոր»ի վերլուծաբանները:

Անոնց գնահատմամբ` մեծ տարածքներ գրաւելու համեմատ այդ ռազմավարութիւնը Ատրպէյճանին թոյլ կու տայ շարունակելու ամրապնդել իր դիրքերը եւ նպատակներուն հասնելու քայլերը առանց Հայաստանի հետ լայնածաւալ պատերազմի մէջ մտնելու եւ առանց միջազգային հանրութեան կողմէ դատապարտուելու, հաւանական է նաեւ պատժամիջոցներու տակ իյնալու վտանգներու:

«Այսպիսով, Պաքուն քիչ մղումներ ունի պատերազմական գործողութիւններով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած տարածքներուն մեծ մասը կամ ամբողջութեամբ գրաւելու, կամ Հայաստանի հարաւը որոշ շրջաններ գրաւելու համար: Աւելին, Ատրպէյճանը քիչ շահագրգռուած է անհարկի վտանգի ենթարկել խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ հաւանաբար մեծապէս իր օգտին պիտի ըլլայ», նշուած է «Սթրաթֆոր»ի զեկոյցին մէջ:

Վերլուծական կեդրոնին փորձագէտները եւս մէկ հանգամանք կը նշեն: Չնայած Հայաստանը ջանքեր կը գործադրէ ընթացիկ բնականոնացման գործընթացի միջոցով բարելաւելու յարաբերութիւնները, այդ շարքին` Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի, Եւրոմիութեան, նոյնիսկ Թուրքիոյ հետ, այնուամենայնիւ շատ քիչ հաւանականութիւն կայ, որ Երեւանը կարենայ հասնիլ այնպիսի արտաքին գործընկերութեան, որ լրջօրէն խանգարէ Ատրպէյճանին հասնելու իր նպատակներուն:

Սա եւս մէկ հանգամանք կը համարուի, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղ կամ Հայաստան լայնածաւալ ներխուժման հրատապ անհրաժեշտութիւն չի տեսներ:

«Սթրաթֆոր»ը կը գտնէ, որ Թեհրանը պիտի շարունակէ Ատրպէյճանին զսպել գործողութիւնները` պահպանելով երկու երկիրներուն միջեւ առանց այդ ալ բարձր լարուածութիւնը:

«Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի զինադադարի շարունակաբար խախտումները, զուգորդուած Ուքրանիոյ մէջ ռուսական բանակի անյաջողութիւններուն հետ, խաթարած են ինչպէս ռուս խաղաղապահներուն հեղինակութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այնպէս ալ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններէն Հայաստանը պաշտպանելու Ռուսիոյ յանձնառութեան հանդէպ վստահութիւնը: Սա անհանգստացուցած է հարեւան Իրանը, որովհետեւ Հայաստանի հարաւ Ատրպէյճանի ներխուժումը կրնայ արգելափակել Սեւ ծովի հետ Իրանին կապող առեւտրային ուղիները», կը գրեն փորձագէտները` նշելով նաեւ, որ Իրանը աշխուժացուցած է Ատրպէյճանին սպառնալու փորձերը, յուսալով զայն ետ պահել Հայաստանի հարաւին վրայ յարձակելէ:

Սակայն, անոնք քիչ հաւանական կը համարեն հակամարտութեան Իրանի ուղիղ միջամտութիւնը` հաշուի առնելով անոր ներքաղաքական հետեւանքները Իրանի վարչակարգին վրայ, ինչպէս նաեւ հնարաւոր պատերազմը ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment