Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիւ Տելհիի Մէջ Առանձնազրոյց Ունեցած Են Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարները

Նիւ Տելհիի Մէջ Առանձնազրոյց Ունեցած Են Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարները

by MassisPost

Հնդկաստանի մայրաքաղաքին մէջ մեկնարկած միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ առանձնազրոյց ունեցած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարները:

Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութեան փոխանցմամբ, Արարատ Միրզոյեանն ու Սերկէյ Լաւրովը հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման բոլոր ուղիներուն մէջ ջանքերու աշխուժացման հրատապութեան հարցը կարեւորած են` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն:

«Հաստատուած են միջազգային հարթակներու, ընդհանուր համարկման միաւորումներու շրջանակներուն մէջ համագործակցութիւնը յառաջ մղելու մօտեցումները: Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ»,  նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Երկու նախարարներուն հանդիպումը անցած է մամուլի համար փակ դռներու ետին: Ռուսական կողմի կարճ հաղորդագրութեան մէջ կ’ընդգծուի, որ բանակցութիւնները ընթացած են բարեկամական եւ վստահելի մթնոլորտի մէջ, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է դիւանագիտական առումով հետագայ շփումներուն վերաբերեալ:

Պաշտօնական Երեւանը Լաւրով-Միրզոյեան հանդիպման մասին աւելի ուշ հաղորդեց` նշելով, որ արտաքին գործերու նախարարները անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին:

Նիւ Տելհիի մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը հանդիպած է նաեւ Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment