Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի Մէջ Կը Սպասուի Հայ-Ատրպէյճանական Հանդիպում. Նետ Փրայս

Պրիւքսէլի Մէջ Կը Սպասուի Հայ-Ատրպէյճանական Հանդիպում. Նետ Փրայս

by MassisPost

Յառաջիկայ օրերուն Պրիւքսէլի մէջ կը սպասւուի հայ-ատրպէյճանական հանդիպում, յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը: Ամերիկացիներուն կարծիքով` Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերջին քանի մը ամիսներուն բանակցութիւններուն մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրած են, ինչպէս Նետ Փրայս ըսած է, յոյս ունին տեսնելու այդ յառաջընթացին շարունակութիւնը:

«Սա կողմերու փոխգործակցութեան արդիւնքն է: Սա Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմ, եռակողմ ներգրաւուածութեան արդիւնք է, նաեւ աշխատանքին, որ Եւրոմիութիւնը ըրած է իր դիւանագիտական ջանքերով, եւ ինչ որ մենք յոյս ունինք տեսնել, երբ կողմերը յառաջիկայ օրերուն հանդիպին Պրիւքսէլի մէջ` ԵՄ նախագահ Միշէլի հիւրընկալած բանակցութիւններուն: Յոյս ունինք տեսնել այդ յառաջընթացին շարունակութիւնը: Մենք չափէն դուրս լաւատես չենք, բայց ամէն կերպ կը շարունակենք աջակցիլ այս երկխօսութեան, այս դիւանագիտութեան` համապարփակ լուծման հասնելու համար»,  յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը:

Փաշինեան-Ալիեւ վերջին բանակցութիւնները կազմակերպած, անոնց նաեւ մասնակցած ամերիկեան կողմին ներկայացուցիչը, սակայն, չէ ճշդած օրը կամ ձեւաչափը, թէ արդեօք խօսքը ղեկավարներո՞ւ հանդիպման մասին է: Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին մասնակցութեամբ բացառապէս ղեկավարները բանակցած են:

Վարչապետի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն պետ Արմէն Խաչատրեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ, որ հանդիպման մասին այս պահուն տեղեկութիւն չունի: Իսկ արտաքին գործերու նախարարներուն յառաջիկայ հանդիպում կը նախատեսուի՞. Արտաքին գերատեսչութենէն պատասխանեցին, որ նախարարի այցերուն եւ հանդիպումներուն մասին պատշաճ ժամկէտերու մէջ կը տեղեկացնեն:

Մինչ Արեւմուտքը նոր հանդիպում կը ծրագրէ, Մոսկուայէն կը յայտարարեն, որ կարեւոր է խուսափիլ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ միջնորդական ջանքերու «կրկնօրինակումէն ու մրցակցութենէն»: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment