Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ան Որ Դուք Թշնամի Կը Համարէիք Ու Կը Սպառնայիք, Անոնք «Առաւօտ Մը Յանկարծակի» Օգնութեան Եկան․ Ընդդիմադիր Թուրք Գործիչ

Ան Որ Դուք Թշնամի Կը Համարէիք Ու Կը Սպառնայիք, Անոնք «Առաւօտ Մը Յանկարծակի» Օգնութեան Եկան․ Ընդդիմադիր Թուրք Գործիչ

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական» քրտամէտ կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) նախկին համանախագահ, այժմ բանտարկուած Սելահատտին Տէմիրթաշը Թուիթըրով գրառում կատարած է երկրաշարժէն յետոյ Թուրքիոյ օգնութեան հասած երկիրներուն վերաբերեալ:

Ան մէջբերած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի` այլ երկիրներուն բազմիցս հնչեցուցած այն յայտնի սպառնալիքը, թէ «գիշեր մը յայկարծակի կրնանք գալ»: Տէմիրթաշը թրքական իշխանութիւններուն նկատել կու տար, որ ան որ դուք թշնամի կը համարէիք ու կը սպառնայիք, անոնք «առաւօտ մը յանկարծակի եկան օգնութեան»:

«Մինչ կը շարունակենք միասին բուժել մեր վէրքերը, մեր բոլոր բարեկամներուն աշխարհի բոլոր լեզուներով շնորհակալութիւն» ընդգծած է ընդդիմադիր գործիչը եւ տարբեր լեզուներով` այդ շարքին նաեւ հայերէն, գրած է «շնորհակալութիւն» բառը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment