Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Կողմէ Նոր Մագլցումի Հրահրման Վտանգը Կը Շարունակէ Մնալ Բարձր. Միրզոյեան

Ատրպէյճանի Կողմէ Նոր Մագլցումի Հրահրման Վտանգը Կը Շարունակէ Մնալ Բարձր. Միրզոյեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի կողմէ նոր մագլցումի հրահրման վտանգը կը շարունակէ մնալ բարձր, ըսած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը` Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մէջ Եւրոպայի Խորհուրդի Հայաստանի համար իրականացուող գործողութիւններու 2023-2026 թուականներու ծրագրի մեկնարկի արարողութեան ծիրէն ներս իր ելոյթին մէջ:

«Մենք ապրում ենք անվտանգային բազում սպառնալիքներով լի տարածաշրջանում: Աւելի քան 2 ամիս է, ինչ Ատրպէյճանի կողմից Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով շարունակւում է մարդասիրական ճգնաժամը ԼՂ-ում», ըսած է Միրզոյեան:

Անոր խօսքով` Ատրպէյճան կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձերը, բազմաթիւ անհետ կորսուած անձերու եւ բռնի անհետացածներու ճակատագիրը կը մնայ չպարզուած: 2021 թուականի Մայիսին եւ Նոյեմբերին, ինչպէս նաեւ 2022 թուականի Սեպտեմբերին ձեռնարկուած նախայարձակման հետեւանքով ՀՀ ինքնիշխան տարածքները յայտնուած են ատրպէյճանական բռնագրաւման ներքոյ: «Իսկ Ատրպէյճանի կողմից նոր մագլցումի հրահրման վտանգը շարունակում է մնալ բարձր», նշած է Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment